
ՊՈԼԻՍ.- Միմար Սինան Համալսարանը պատուակալ դոկտորի տիտղոս շնորհած է աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլերին։ Տիտղոսի տուչութեան հանդիսութեան առընթեր, ցուցադրուած է նաեւ արուեստագէտին մասին պատրասուած ժապաւէն մը։
«Թօփհանէի մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Համալսարանի վերատեսուչ փրօֆ. Եալչըն Գարաեաղըզ, որ ըսաւ, թէ Արա Կիւլեր իրեն համար մասնաւոր կարեւորութիւն ներկայացնող անձ մըն է, անոր շնորհիւ է որ ինք լուսանկարչութիւնը սիրած է, թուրք լուսանկարչութեան «տուայէնն» է ան, ուրախ եւ երջանիկ է, որ Արա Կիւլեր հոս կը գտնուի այսօր», կը տեղեկացնէ «Մարմարա» օրաթերթը։
«Քիչ մը ուշացանք այս տիտղոսը իրեն տալու, ատոր համար ներողութիւն կը խնդրենք, ուշացանք նաեւ այս ցուցահանդէսը կազմակերպելու եւ ատոր համար ալ ներողութիւն կը խնդրենք թէ՛ իրմէ, թէ՛ բոլոր անոնցմէ, որոնք կը սիրեն այս արուեստը», ըսած է փրօֆ. Եալչըն Գարաեաղըզ, աւելցնելով՝ որ Արա Կիւլեր ամբողջ աշխարհին մէջ հռչակ վայելող արուեստագէտ մըն է եւ թէ Միմար Սինան համալսարանը սիրով ու երախտագիտութեամբ կ՛ողջունէ Արա Կիւլերի 20րդ դարէն մինչեւ 21րդ դար երկարող վաստակը։
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առնելով՝ Արա Կիւլեր ըսած է. «Ուզեցիք որ բաներ մը ըսեմ, բայց սա պահուն չեմ գիտեր, թէ ինչ պէտք է ըսեմ։ Սա պահուն մարդ կը մտածէ սապէս. «Ինչո՞ւ այս տիտղոսը կու տան ինծի»։ Կը նշանակէ, որ բան մը ըրեր եմ։ Ես երկրորդ անգամն է, որ կը ստանամ պատուակալ դոկտորի տիտղոս։ Կը նշանակէ, որ քիչ մը վարժուեցայ այս բանին։ Եւ ասիկա լաւ է, որովհետեւ մարդս կը մղէ աշխատելու։ Ես 60 տարի ծառայեցի մամուլին։ Ես հիմա դարձեալ կը մտածեմ, որ լուսանկարի թղթակիցները մարդկութեան պատմութեան բազմաթիւ երեսակները գրի առած կ՛ըլլան, անոնց ըրածն ալ պատմագիտութիւն է։ Մենք մեր ապրած աշխարհը պատմութեան կը յանձնենք»։