ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 27 Փետրուարին Վրաստան տուած իր այցելութեան ծիրին մէջ, Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան այցելած է Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հայաստանի, Վրաստանի ու Արեւելեան Եւրոպայի թեմերու առաջնորդ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանին: Ողջունելով արքեպիսկոպոսը՝ դեսպան Մանուկեան անդրադարձած է հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան կարեւորութեան՝ Սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման իմաստով:
Հանդիպումին ընթացքին ներկայացնելով տարածաշրջանին մէջ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովապետութեան տակ գտնուողներուն պատկերը՝ Ռաֆայէլ արք. նշած է, որ æաւախքի մէջ կայ մօտ 60 հազար հայ կաթողիկէ՝ կեդրոնական քաղաքներուն եւ 20է աւելի գիւղերու մէջ։ Զրուցակիցները անդրադարձած են Վրաստանի հայ համայնքին դիմագրաւած կրթական, հոգեւոր եւ մշակութային հիմնախնդիրներուն առնչուող բազմաբնոյթ հարցերու, որոնց կարգին՝ հայկական դպրոցներուն մէջ հայոց լեզու եւ գրականութեան դասապահերու թիւին եւ այլ նիւթեր հայերէնով դասաւանդելու հարցերուն:
Դեսպան Մանուկեանը եւ Ռաֆայէլ արք. Մինասեանը քննարկած են նաեւ ջաւախքահայութիւնը յուզող կարգ մը ընկերային-տնտեսական հիմնախնդիրներ: Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ հաւատքի, խիղճի ազատութեան լիարժէք դրսեւորման իրաւական եւ փաստացի կարելիութիւններուն՝ ոչ միայն իբրեւ հոգեւոր ինքնադրսեւորման արտայայտչաձեւ, այլ նաեւ որպէս մարդու հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովման առումով պետութեան պարտաւորութիւն:
Հանդիպման աւարտին դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան շնորհակալութիւն յայտնած է առաջնորդին՝ այս այցելութեան համար, մասնաւորապէս կարեւոր նկատելով պետութեան եւ եկեղեցւոյ համագործակցութեան արդիւնաւէտութիւնը՝ հայութեան հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի զարգացման իմաստով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.