Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան աջակցութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ Փետրուար 22ին եւ 23ին կազմակերպուեցան Արցախեան շարժման 25ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ ծառայութիւնը:
Ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով Գանատա մեկնած էր ՀՅԴ Արցախի կազմի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, որ իր ելոյթով հանգամանալից ներկայացուց Ղարաբաղեան շարժման պատմութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.