
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի նախագահական նախկին թեկնածու, Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան 27 Փետրուարին հայց ներկայացուցած է վարչական դատարան՝ վիճարկելով Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովի անգործութիւնը:
Ան կը պահանջէ անվաւեր նկատել ԿԸՅին կողմէ 25 Փետրուարին ընդունած թիւ 60-Ա. որոշումը եւ պարտաւորեցնել Կենտրոնական ընտրական յանձնաժողովը՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի աւելի քան 1600 քարոզչական ղեկավարման մարմիններու եւ անոնց կեդրոններուն վրայ տեղադրուած քարոզչական պաստառներու շուկայական արժէքը եւ անոնց ծախսերը ներառել Սերժ Սարգսեանի քարոզչական ծախսերուն մէջ:
Յիշեցնենք, որ Րաֆֆի Յովհաննէսեանի լիազօր ներկայացուցիչ Արմէն Մարտիրոսեանը ԿԸՅէն պահանջած էր դիմել դատարան՝ Սերժ Սարգսեանի պաշտօնական վաւերացումը չեղեալ յայտարարելու պահանջով: Մարտիրոսեան յատկապէս նշած էր, թէ «Սերժ Սարգսեանի շտաբը 1600 նախընտրական շտաբ է բացել եւ նոյնքան քարոզչական պաստառ տպել այդ շտաբերի համար, եւ այդ գումարը ներառուած չի եղել նախընտրական հիմնադրամի մէջ»: Ըստ անոր, միայն այդ ծախսը արդէն կը գերազանցէ նախընտրական հիմնադրամով թոյլատրելի 100 միլիոն դրամը, ուստի Սերժ Սարգսեանի պաշտօնապէս իբրեւ նախագահ վաւերացումը պէտք է չեղեալ յայտարարուի: Փետրուար 25ին կայացած նիստին ընթացքին ԿԸՅն, բնականաբար, միաձայնութեամբ մերժած էր Րաֆֆի Յովհաննէսեանի պահանջը:
Վարչական դատարանին մէջ հարցը պիտի քննարկէ դատաւոր Կարէն Աւետիսեանը, իսկ նիստին օրը տակաւին չէ ճշդուած։