
Փարիզի Հայ Առաքելական Ս. Յոհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ Փետրուար 24ին մատուցուած Արցախեան շարժման առաջին օրերուն յաջորդած Սումկայիթի ջարդերու զոհերու յիշատակի պատարագէն ետք Ֆրանսայի մէջ ՀՀ դեսպան Վիգէն Չիտեչեանի, ԼՂ ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ՝ Արա Թորանեանի եւ Մուրատ Փափազեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ յիշատակի երթ դէպի Փարիզի Երեւանեան այգի, ուր Կոմիտասի արձանին դիմաց ծաղկեպսակներ զետեղուեցան՝ ի յիշատակ Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն:
Միաժամանակ զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագներ մատուցուեցան Ֆրանսայի մէջ երկու տասնեակ քաղաքներու Հայ Առաքելական եկեղեցիներու մէջ: