
ՊՈԼԻՍ.- Պաղեստինեան «Համաս» կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ թրքական «Թուտէյզ Զաման»ին յայտնած են, որ «Համաս»ի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Աղբիւրները նշեցին, որ Մաշաալ եւ Էրտողան քննած են Կազայի ներկայ կացութիւնը, շրջանային զարգացումները, ներառեալ՝ Սուրիոյ տագնապը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան ազգային հաշտութեան հարցը: Պաղեստինեան պատուիրակութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ շարք մը թուրք պաշտօնատարներու հետ: