
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերութիւնը իր տարեկան ընդհանուր ժողովին ընթացքին ընտրած է 2013ի նոր վարչութիւնը՝ հետեւեալ կազմով.
Դոկտ. Մարտի Քազարեանց (նախագահ), Վազգէն Եարտըմեան (փոխնախագահ), Մարք Ապաճեան (գործադիր քարտուղար), Սասուն Պետրոսեան (գանձապահ), դոկտ. Մարինա Կէօվրէքեան, դոկտ. Շանթ Քէնտէրեան, Ստեփան Ջուլֆայեան, Արկինէ Շահպանտարի, Թալին Պետրոսեան, Արմինէ Խաչատուրեան, Վազգէն Ղուկասեան, Արամ Սէթեան ու Յակոբ Պետիկեան:
Ժողովին ընթացքին, նախորդ վարչութեան նախագահ Արմէն Յովհաննէսեան տեղեկութիւններ փոխանցած է անցեալ տարուան ընթացքին ընկերակցութեան իրագործումներուն մասին՝ սկսելով հայ աշակերտներու համար կազմակերպուող ամէնամեայ գիտական մրցանակէն ու հասնելով մինչեւ հայկական արհեստավարժ այլ կազմակերպութեանց հետ գործակցութիւնը եւ ընկերային շարք մը այլ նախաձեռնութիւններ, որոնցմէ մէկուն ընթացքին ընկերակցութեան «Վիքթոր Համբարձումեան» մրցանակով մեծարուեցաւ դոկտ. Վահան Գրիգորը:
Իր կարգին, նոր վարչութեան նախագահ Մարտի Քազարեանց ներկաներուն փոխանցած է այս տարուան ընթացքին կազմակերպուելիք աշխատանքները՝ շեշտելով կազմակերպութիւթը վերաշխուժացնելու եւ երիտասարդացնելու կարեւորութիւնը: Ան նաեւ յայտնած է, թէ նոր անդամներու ներգրաւման ձեռնարկներու, դրամահաւաքի եւ գիտական մրցանքի կազմակերպման ջանքերը պէտք է բարելաւել՝ արդիական միջիոցներու օգտագործումով, եւ շեշտած է, թէ գործակցութիւնը պէտք է սերտացնել նաեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի գիտնականներուն եւ ճարատագէտներուն հետ:
Նշենք, թէ 2013ը ընկերակցութեան հիմնադրութեան 30ամեակն է:
Կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.aesa.org կայքը, կամ դիմել (818)547-3372 թիւին ու
contact@aesa.org հասցէին: