
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան Անգարայի երեսփոխաններէն Լեվենտ Կէօք, խորհրդարանի Մարդկային իրաւունքներու քննարկումի յանձնախումբին դիմելով՝ պահանջեց, որ յանձնախումբը քննարկէ Սամաթիոյ մէջ հայ տարեց կիներու վրայ գործուած վերջին յարձակումներու խնդիրը։ Կէօք անդամ է նշեալ յանձնախումբին։
Շինիչ մերձեցումով կատարուած իր դիմումնագիրին մէջ, Կէօք ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հաւանականութեան վրայ, թէ Շիշլիի ու Սամաթիոյ մէջ կատարուած այս յարձակումները կրնան ցեղային դրդապատճառներով կատարուած ըլլալ։ Կէօք յիշեցուց, որ շատ կարճ ժամանակուան մը ընթացքին, Սամաթիոյ մէջ հինգ հայ կիներ յարձակումի ենթարկուեցան եւ անոնցմէ «երկուքը սպաննուեցան»։ Այս յարձակումները սպառնալիք կը դառնան հաշտութեան ու վախ կը պատճառեն հայրենակիցներուն։ Հաւաքականութիւնը անհանգստացած է պաշտօնական անձերու այն պնդումէն, թէ այս յարձակումները գողութեան նպատակ կը հետապնդեն։ Ամէնէն վտանգաւորն այն է, թէ այս յարձակումները կրնան ազգային դրդապատճառներ ունենալ եւ այս պնդումները հետզհետէ աւելի տարածուն կը դառնան։
Կէօք, բոլոր այս կէտերը յառաջ քշելով՝ պահանջած է, որ Սամաթիոյ յարձակումներուն հարցը քննարկելու ու յարձակումներուն աղբիւրը գտնելու նպատակին համար յատուկ յանձնախումբ մը կազմուի։