
ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ պետական եւ ընդդիմութեան մօտիկ աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Հինգշաբթի, Փետրուար 7ին, մէկ օր առաջ սկսած բուռն բախումները շարունակուած են Դամասկոսի ծայրամասերու զանազան շրջաններուն մէջ, որոնք համեմատաբար մեղմացած են Հինգշաբթի երեկոյեան:
Իր ինքնութիւնը բացայայտել չուզող պետական պաշտօնատար մը հաղորդած է, թէ բանակը կրցած է իր հակակշիռին տակ առնել միջազգային օդակայանի մօտակայ երկու շրջաններ, որոնք ժամանակ մը ընդդիմութեան կողմէ գրաւուած էին, իսկ բախումներուն ընթացքին «սպաննուած են 268 ահաբեկիչներ»:
Ընդդիմութեան աղբիւրներուն համաձայն՝ Հինգշաբթի օրուան բախումներուն ընթացքին սպաննուած է 19 քաղաքային, 28 ընդդիմադիր զինեալ եւ 8 զինուոր, իսկ Չորեքշաբթի օր՝ 66 զինեալ, 39 զինուոր եւ 36 քաղաքային:
Միւս կողմէ, Գահիրէի մէջ հաւաքուած իսլամական երկիրներու ղեկավարները Հինգշաբթի օր կոչ ըրին Սուրիոյ ընդդիմութեան եւ կառավարութեան, որ երկխօսութեան ճամբով լուծում մը գտնեն այս տագնապին, իսկ ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ճաաֆարի յայտարարեց, թէ իրականութեան չեն համապատասխաներ այն տեղեկութիւնները, թէ Սուրիոյ վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին թիրախներէն մէկը դէպի Լիբանան զէնքեր փոխադրող ինքնաշարժներու շարասիւն մըն էր:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով Հռոմի մէջ յայտարարեց, թէ Սուրիոյ տագնապը «պիտի սկսի լուծուելու, եթէ ընդդիմութիւնը որոշէ կառավարութեան հետ երկխօսութիւն կատարել»: Ան աւելցուց. «Եթէ ընդդիմութեան ղեկավար Խաթիպը գիտակցի, որ տագնապէն դուրս գալու համար քաղաքական լուծումն ու կառավարութեան հետ երկխօսութիւնը այլընտրանք չունին, ապա լուծումը տեղաշարժ պիտի արձանագրէ»: Կաթիլով նաեւ յոյս յայտնեց, որ Ճան Քերին արտաքին գործոց նախարար նշանակելու որոշումին շնորհիւ, սուրիական տագնապին նկատմամբ ամերիկեան կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն կ՛արձանագրուի:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ պահանջով ՆԱԹՕի կողմէ Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ «Փեթրիըթ» հակահրթիռային համակարգերու տեղակայումը աւարտած է՝ յիշեցնելով, որ անոնք զուտ պաշտպանական նպատակներ ունին: «Սուրիայէն որեւէ սպառնալիքի պարագային, համակարգիչը պիտի ընտրէ, թէ ո՛ր մարտկոցի աշխատանքը այդ պարագային աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, եւ 9 վայրկեանուան ընթացքին՝ հրթիռը պիտի արձակուի: «Փեթրիըթ»ները կրնան օգտագործուիլ թէ՛ օդանաւերու եւ թէ հրթիռներու դէմ», ըսաւ նախարարը: