ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Փետրուար 7ին, Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգը յանկարծ փոթորկեցաւ, երբ Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ քննադատեց Թուրքիոյ դատական համակարգը:
Դեսպանը մասնաւորաբար անդրադարձաւ «Էրկենեքոն» ու «Լախտի հարուած» հարցերով ամբաստանուողներու դատավարութիւններուն եւ ըսաւ, թէ դատավարութիւնները անհասկնալի կերպով կ՛երկարին ու տակաւին պաշտօնական մեղադրանք չէ հրապարակուած:
Ռիքարտոնէ ընդգծեց, թէ այս կերպով երեւան կ՛ելլեն Թուրքիոյ դատական համակարգի թերի կողմերը ու այնպէս կը թուի, թէ գաղտնի հաշուեյարդար մը կայ այս բոլորի ետին։
Ռիքարտոնէ ըսաւ նաեւ, որ եւրոպական ատեանները դժուարութիւն ունին հասկնալու այն վճիռները, որոնք կը տրուին թրքական դատարաններու կողմէ։
Դեսպանի խօսքերուն կայծակնային արագութեամբ ծանր պատասխան մը եկաւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն, որուն փոխնախագահ Հիւսէյն Չելիք յայտարարեց, թէ դեսպանը «իր չափը պէտք է գիտնայ»։ Չելիք հարց տուաւ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այդպիսի յոխորտալից քննադատութիւններ ընել, «առանց քաջատեղեակ ըլլալու մեր երկիրի դատական համակարգին»։ Չելիք նաեւ պահանջեց, որ Ամերիկա նախ աշխարհին լուսաբանէ «Կուանթանամոյի բանտին մէջ արգելափակուածներուն դէմ գործուած անմարդկային ու սահմռկեցուցիչ դէպքերը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.