ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երկարատեւ եւ ծանր հիւանդութեան պատճառով 7 Փետրուարի լուսաբացին մահացած է հայ ժամանակակից ականաւոր գրող Յովհաննէս Գրիգորեանը: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանը: Անոր համաձայն, ներկայիս աշխատանք կը տարուի թաղման կառավարական յանձնաժողով ստեղծելու նպատակով:
Յովհաննէս Գրիգորեան ծնած է 1945 թուականի 7 Օգոստոսին: Անոր բանաստեղծական սիրուած ժողովածուներն են՝ «Երգեր առանց երաժշտութեան», «Բոլորովին ուրիշ աշուն», «Անձրեւ՝ մի տխուր առիթով», «Դանդաղ ժամեր», «Հրեշտակներ մանկութեան երկնքից», «Երկու ջրհեղեղի արանքում», «Կէս ժամանակ», «Գիշերահաւասար», «Երբեք չմեռնես-ահա թէ ինչ կ՛ասեմ քեզ»: Ան ստացած է Աւ. Իսահակեանի անուան գրական մրցանակ, Մովսէս Խորենացիի մետալ, Վահագնի մրցանակ եւ Արցախի պետական մրցանակ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.