ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ստեփանակերտի օդակայանի բացման հարցով, Ռուսիա կը կիսէ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ընդհանուր դիրքորոշումը. Հինգշաբթի, Փետրուար 7ին այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ, պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին:
Ան ընդգծած է, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակը քանի մը անգամ արդէն իր դիրքորոշումը բացայայտած է օդակայանի բացման կապակցութեամբ: «Մենք կրկին ստացած ենք կողմերուն վերահաստատումը, թէ անոնք զերծ պիտի մնան ուժի կիրառումէ կամ ուժի դիմելու սպառնալիքէ՝ քաղաքացիական օդանաւերու հարցով, եւ թէ իրենք մտադիր են այդ հարցը լուծել դիւանագիտական ճանապարհով», ըսած է Լուքաշեւիչ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Փետրուար 6ին յայտարարած էր, որ ո՛չ Լեռնային Ղարաբաղը եւ ոչ ալ Հայաստանը երբեւիցէ քաղաքականուցած են ու երբեք պիտի չքաղաքականացնեն Ստեփանակերտի օդակայանի հարցը: «Ստեփանակերտի օդանաւակայանը միայն քաղաքացիական եւ մարդասիրական նպատակների համար է», ընդգծած էր նախարարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.