ԵՐԵՒԱՆ, «7 Օր».- Փետրուար 8-10ին Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամը, Հայաստանի գրողներու միութիւնը եւ «Մշակութային հասարակութիւն» կազմակերպութիւնը Ծաղ-կաձորի մէջ պիտի կայացնէ «Գրականագիտութեան մեթոդոլոգիայի հարցերն արդի փուլում: Պոստմոդեռնիզմ. 20 տարի անց» խորագիրով գիտաժողով: Նախատեսուած է երիտասարդ տեսաբաններու, գրականագէտներու եւ քննադատներու մասնակցութիւն:
Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու ծառայութիւնը այս առնչութեամբ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Այսօր խնդիր կայ ամբողջութեամբ ուսումնասիրելու 20րդ դարի գրականագիտական-տեսական միտքը, իւրացնելու մոդեռնիստական եւ պոստմոդեռնիստական տեսութիւնները եւ գրականագիտական մեթոդները՝ հասկանալու, թէ ինչ ուղղութիւններով է զարգանում համաշխարհային գրականագիտական միտքը եւ, ի վերջոյ, ինտեգրուելու վերոնշեալ գործընթացներին: Գիտաժողովի նպատակն է համախմբել գրականութեան տեսութեամբ զբաղուող երիտասարդ մասնագէտներին, բարձրաձայնել վերը նշուած հիմնախնդիրները, փնտ-ռել ոլորտի խթանման նոր ուղիներ»:
Եռօրեայ համաժողովին ընթացքին պիտի ներկայացուին 20 զեկուցումներ: Գիտաժողովի նիւթերուն ընդհանուր շրջագիծը հետեւեալն է՝ «Պոստմոդեռնիզմի տեսութիւնը», «Գեղագիտական հիմնական կատեգորիաները եւ դրանց զարգացումը մոդեռնիստական եւ պոստմոդեռնիստական տեսութիւններում», «Անալիտիկ հոգեբանութիւն, ֆրոյդիզմ, նէոֆրոյդիզմ, պոստֆրոյդիզմ», «Ստրուկտուրալիզմ, պոստստրուկտուրալիզմ», «Ժիլ Դելեօզի, Միշել Ֆուկոյի տեսութիւնները», «Բարտ եւ Դերիդա», «Միֆոլոգիական դպրոց. զարգացումները 20րդ դարի երկրորդ կէսին (ԱՄՆ, Կանադա)», «Տարտու-Մոսկովեան նշանագիտական դպրոց», «Մարքսիստական նոր դպրոցներ. նէոմարքսիզմ (ստրուկտուրալիստական մարքսիզմ, ֆրեյդոմարքսիզմ, մարքսիզմ-էքզիստենցիալիզմ), պոստմարքսիզմ», «Ռուսական տեսական միտքը արդի փուլում»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.