ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նիուզ».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը ո՛չ հերքած է եւ ոչ ալ հաստատած սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցած միջադէպը։
Ոչ պաշտօնական տեղեկատուութեան համաձայն, 5 Փետրուարի գիշերը ատրպէյճանական հետախուզական խումբը փորձած է ներխուժել Լեռնային Ղարաբաղի տարածք, սակայն դիմադրութեան հանդիպած է եւ կորուստներ կրելով նահանջած է: Որոշ տուեալներու համաձայն, ատրպէյճանական կողմէն մահացած են 4 անձեր, կան նաեւ վիրաւորներ: Ղարաբաղեան կողմէն կորուստներ չկան:
«Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Սենոր Հասրաթեանը յայտարարած է, որ «պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ստորաբաժանումները մարտական հերթապահութիւն են իրականացնում, կատարում Լեռնային Ղարաբաղի սահմանների պաշտպանութիւնն ապահովելու խնդիրը»: Ան կրկին ընդգծած է, որ ղարաբաղեան կողմը հաւատարիմ է զինադադարի դրութեան պահպանման եւ հակառակորդի սադրանքներուն կը պատասխանէ միայն ծայրայեղ պարագաներու:
Դէպքին մասին տեղեկութիւններ հաղորդած է նաեւ ատրպէյճանական կողմը, բնականաբար՝ իր տարբերակով եւ մեկնաբանութեամբ։ Ըստ ատրպէյճանական մամուլին, դէպքը տեղի ունեցած է Կուրապատկինօ գիւղին մօտ: Սպաննուած է ատրպէյճանական բանակի զինուոր 18ամեայ Սեանան Ալիզատէն: Լրատուամիջոցները նշած են նաեւ մէկ այլ զոհի մասին: Չի հաղորդուիր, թէ սպայ Թուրալ Ասքերով ո՛ւր մահացած է:
Յիշեցնենք, որ նախորդ տարի ատրպէյճանական կողմը հետախուզական քանի մը փորձեր կատարած էր եւ բոլորն ալ ողբերգական աւարտ ունեցած էին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.