
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի զինուած ուժերու կազմաւորման 21րդ տարեդարձին առիթով ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին 25-28 Յունուար։ Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը՝ աւելցնելով, որ պիտի գումարուի 21ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր նիստ, որուն ընթացքին Հայաստանի պետական ու գերատեսչական պարգեւներ պիտի յանձնուին:
Նախատեսուած է Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի «Հայկական ազգային խորհրդանշաններ» գիրքի շնորհահանդէսի կայացումը՝ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում պիտի ունենայ Երեւանի պետական համալսարանի դասախօսական կազմին եւ ուսանողութեան հետ, պիտի ամփոփուին Հայաստանի պաշտպանութեան, կրթութեան եւ գիտութեան, արտակարգ իրավիճակներու, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարարութիւններու, Հայաստանի ոստիկանութեան կողմէ ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան ուղղութեամբ 2012ին կատարուած աշխատանքներուն արդիւնքները:
Բանակի 21ամեակին նուիրուած Սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ, որուն պիտի մասնակցին սփիւռքահայ բարձրաստիճան զինուորականներ: Հայաստանի զինուած ուժերուն նուիրուած գոհաբանական մաղթանք պիտի մատուցուի Հայաստանի զինուած ուժերու զօրամասերուն մերձակայ եկեղեցիներուն եւ զօրամասերու մատուռներուն մէջ:
28 Յունուարին պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը, Հայաստանի զինուած ուժերու բարձրագոյն սպայակազմն ու ազատամարտիկները պիտի այցելեն «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն: Նոյն օրը պիտի կազմակերպուի զինուած ուժերու 21ամեակին նուիրուած տօնական համերգ «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ։
Այս առիթով 25 Յունուարէն պիտի սկսին Հայաստան ժամանել սփիւռքահայ բարձրաստիճան զինուորականներ. Ռուսիայէն՝ զօր. Նորատ Տէր Գրիգորեանցը, զօր. Վլադիմիր Չօբանեանը, զօր. Ռոման Յարութիւնովը, Լիբանանէն՝ զօր. Փանոս Մանճեանը, Չիլիէն՝ ծովակալ Հեռնան Կույումջեանը, Ֆրանսայէն՝ գնդապետ Ռուբիկ Գալստանեանը:
Այցելութեան ծիրին մէջ բարձրաստիճան զինուորականները պիտի մասնակցին կարգ մը ձեռնարկներու։