ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– Երեւանի մէջ 16 Յունուարին տեղի ունեցած է «Ռեգիոն» հետազօտական կեդրոնի (Հայաստան) եւ «Խաղաղութեան եւ ժողովրդավարութեան հիմնարկ»ի (Ատրպէյճան) միացեալ համացանցային հարթակի՝ www.publicdialogues.info կայքէջի շնորհահանդէսը: Հայաստանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Քեթրին Ճէյն Լիչի համաձայն, կայքէջը կարելիութիւն պիտի տայ երկու կողմերուն՝ լսելի դարձնելու միմիանց յուզող հարցերը, «պիտի նպաստէ համալրելու փաստային բացթողումներ»:
Ան կայքէջի գաղափարը կարեւոր նկատեց՝ իբրեւ երկխօսութեան գործընթաց՝ յոյս յայտնելով, որ վերջինս կը ծառայէ երկու հասարակութիւններու ներկայացուցիչներուն միջեւ փոխըմբռնման մթնոլորտի ստեղծման:
Իր կարգին «Ռեգիոն» հետազօտական կեդրոնի տնօրէն Լաուրա Բաղդասարեան՝ շնորհակալութիւն յայտնելով դեսպանին կայքէջի ստեղծման իմաստով Բրիտանիոյ դեսպանատան աջակցութեան համար, նշած է, որ կայքէջը իսկապէս կարելիութիւն պիտի ստեղծէ երկխօսութեան եզրեր հաստատելու՝ երկու հանրութիւններու այն մարդոց միջեւ, որոնք կապ չունին քաղաքականութեան հետ:
«Կայքը հնարաւորութիւն է տալիս կազմակերպել հանրային երկխօսութիւն՝ ինտերակտիւ շփումներ, երկկողմ տեղեկատուական հոսքեր: Հանրային երկխօսութիւնները կայացւում են Հայաստանի եւ Ադրբեջանի մասնագէտների զուգահեռ հարցում – հարցազրոյցների միջոցով, կազմակերպւում են տարբեր երկրների փորձագէտների մասնակցութեամբ ինտերնետ-կոնֆերանսներ, համատեղ մամլոյ ասուլիսներ, տրւում է վիդէոանալիտիկա եւ նորութիւններ», նշած է Լ. Բաղդասարեանը:
Անոր համաձայն, կայքէջը գործելու սկսած է 18 Սեպտեմբերին, բոլոր աշխատանքները կատարուած են զուգահեռաբար:
«Երկու օր յետոյ շնորհանդէս է կայանալու նաեւ Բաքւում, որտեղ ադրբեջանցիները նոյնպէս կը ներկայացնեն մեր համատեղ աշխատանքը», նշած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.