
Սուրբ Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առթիւ, Կիրակի, Դեկտեմբեր 23ի առաւօտեան Սուրբ պատարագ մատոյց եւ քարոզեց թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը: Պատարագի ընթացքին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ յղուած սրբատառ կոնդակի ընթերցումով, սրբազան հայրը Սուրբ Ներսէս Շնորհալի շքանշանով պարգեւատրեց ծուխէն եւ առաջնորդարանէն ներս երկարամեայ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցող Ժերմեն Տմիրալը: Արարողութեան մասնակցեցաւ նաեւ Վաչէ արք. Յովսէփեան, իսկ ծուխի հոգեւոր հովիւ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան կարդաց կոնդակը:
Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սրբազան հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, որ հովանաւորուած էր Տմիրալ ընտանիքին կողմէ: Ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ արժանավայել յայտագիր մը: