ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Ես ըլլայի Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանի փոխարէն, կը մերժէի պատասխանել ոեւէ լրագրողի հարցումին եւ որեւէ յայտարարութիւն չէի կատարեր, մինչեւ վերջնական եւ յստակ պատկերացում չունենայի հանգանակութեան արդիւնքներուն եւ մանաւանդ՝ անոնց բաշխման վերաբերեալ: Արդարեւ, Հիմնադրամի տնօրէնը պէտք է հետեւած ըլլար նախա-մարաթոնեան օրերուն հրապարակուած լուրերուն ու յայտարարութիւններուն՝ յատկապէս սփիւռքեան շրջանակներու կողմէ, ուր յայտնի կը դառնար Սուրիոյ հայութեան աջակցելու, Հիմնադրամին հանգանակած ողջ միջոցը սուրիահայութեան օժանդակութեան նպատակներուն ուղղելու ուժեղ տրամադրութիւններ:
Նաեւ, տնօրէնը պէտք է անդրադառնար, որ հանգանակուած գումարները բաշխելու վերաբերեալ խօսքերը, մօտեցումներն ու հրապարակուած որոշումները ստեղծած էին որոշ շփոթ մը. նախ՝ յայտարարուած էր հանգանակուած գումարներուն տասը առ հարիւրը սուրիահայութեան փոխանցելու մասին, ապա՝ Մոսկուայի հաւաքէն ետք՝ տարածուեցաւ չորս առ հարիւրի յատկացման լուրը, ի վերջոյ կրկնուեցաւ տասը առ հարիւրի յատկացման որոշումը՝ աւելցնելով, որ նաեւ պիտի յարգուի նուիրատուներու փափաքը՝ իրենց նախընտրած նպատակին ուղղելով գումարները:
Հանգանակութեան աւարտէն երկու ամիս չանցած, երբ տակաւին որեւէ հաշուետուութիւն չէ հրապարակուած, Հիմնադրամի տնօրէնը «Թերթ»ի լրագրողին հարցումին պատասխանելով՝ յայտնած է, թէ հանգանակուած գումարէն սուրիահայութեան բաժինը «միայն 250,000-300,000 տոլար» պիտի ըլլայ:
Վարդանեան, արդարացնելու համար այս (քիչ) գումարը, կը փորձէ բացատրել՝ ըսելով, որ Մոսկուայի մէջ հանգանակուած 12 միլիոնէն 9ի պարագային, բարերարները ճշդած են յստակ նպատակներ, որոնց պիտի ուղղուին իրենց գումարները:
Ես պիտի չուզեմ նոյն «Թերթ»ի հետ Վարդանեանի զրոյցին այլ, մասնակի, կիսատ ու պակասաւոր տեղեկութիւններուն անդրադառնալ:
Միայն ճիշդ ու արդար կը գտնեմ, որ Վարդանեանի հանգամանքով մէկը այս զգայուն հարցին առաւել նրբանկատ մօտեցում ցուցաբերէ, խուսափի անտեղի գրգռութիւն յառաջացնող արտայայտութիւններէ եւ յստակ, թափանցիկ հաշուետուութիւն պատրաստէ հանգանակուած գումարներուն, նուիրատուներու ցանկութիւններուն ու նպատակային յատկացումներուն մասին: Յստակ, մանրամասն, ամբողջական: