ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատեց ընտանեկան նպաստի եւ դրամական օգնութեան վճարման համար նախատեսուած ֆինանսական միջոցներու սակերը՝ նկատի ունենալով 2013ի պետական պիւտճէի նախագիծով այս նպատակին համար յատկացուած միջոցները: Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտէմ Ասատրեան «Արմէնփրէս»ին յայտնած է. «Ընտանիքի անապահովութեան սահմանային միաւորի մեծութիւնը նախատեսւում է սահմանել 30, իսկ ընտանեկան նպաստի բազային մասը՝ 16 հազար դրամ»:
30.01-35 անապահովութեան միաւոր ունեցող ընտանիքներու իւրաքանչիւր 18 տարին չամբողջացուցած անդամին տրուող յաւելումը սահմանուած է 5 հազար 500 դրամ, 18 տարին չամբողջացուցած չորս եւ աւելի անդամ ունեցող բազմազաւակ ընտանիքներու իւրաքանչիւր 18 տարին չաւարտած անդամին տրուող յաւելումը՝ 6500 դրամ, բարձր լեռնային կամ սահմանամերձ բնակավայրերու ընտանիքներու իւրաքանչիւր 18 տարին չամբողջացուցած անդամին տրուող յաւելումը՝ 6 հազար դրամ, բարձր լեռնային կամ սահմանամերձ բնակավայրերու բազմազաւակ ընտանիքներու իւրաքանչիւր 18 տարին չամբողջացուցած անդամին տրուող յաւելումը՝ 7 հազար դրամ:
35.01-39 անապահովութեան միաւոր ունեցող ընտանիքներու պարագային՝ համապատասխանաբար (վերոյիշեալ յաջորդականութեամբ. «Ա.») 6 հազար դրամ, 7 հազար դրամ, 6500 դրամ եւ 7500 դրամ: 39.01 եւ աւելի անապահովութեան միաւոր ունեցող ընտանիքներու պարագային՝ 6500 դրամ, 7500 դրամ, 7 հազար դրամ եւ 8 հազար դրամ:
Ընտանեկան նպաստի իրաւունք ունեցող ընտանիքին մէջ երեխայի ծննդեան պարագային կը նախատեսուի 50 հազար դրամի օգնութիւն, երեխային առաջին դասարան ընդունուելու պարագային՝ 25 հազար դրամ, ընտանիքի անդամի մահուան պարագային՝ 50 հազար դրամ: Ընտանեկան նպաստի իրաւունք չունեցող ընտանիքին հրատապ օգնութեան սակը ճշդուած է 16 հազար դրամ:
Առաջին եւ երկրորդ երեխայի ծննդեան պարագային 50 հազար դրամի օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի, իսկ ընտանիքին մէջ ծնած երրորդ, ինչպէս նաեւ յաջորդ իւրաքանչիւր երեխայի համար՝ 430 հազար դրամ: Մինչեւ 2 տարեկան երեխայի խնամքի նպաստը 18 հազար դրամ ճշդուած է:
Զոհուած՝ Հայաստանի ազգային հերոսի ընտանիքի նպաստի սակը 250 հազար դրամ է, զոհուած՝ առաջին աստիճանի Մարտական խաչ շքանշանով պարգեւատրուած անձի ընտանիքին կը տրուի 150 հազար դրամ, իսկ զոհուած՝ երկրորդ աստիճանի Մարտական խաչ շքանշանով պարգեւատրուած անձի ընտանիքի նպաստը 100 հազար դրամ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.