
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը առաջին գործիչն է, որ «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան առումով տարուան մարդը» կոչումին արժանացած է՝ Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ փտածութեան տեղեկագրութեան ծրագիրին կողմէ։
Ծրագիրը իր կայքէջին ընդմէջէն կը փոխանցէ, թէ «Տարուան մարդ»ը կոչումը կը շնորհուի իր գործունէութեան դաշտը հանդիսացող տարածաշրջանի այն գործիչին, որ ուշադրութիւն կը գրաւէ յանցագործութեան եւ փտածութեան վերաբերող իր արարքներով, իսկ Ալիեւ 2012 թուականի այդ իմաստով լուսարձակները իր վրայ հրաւիրած է: Ալիեւը ընտրուած է այս տարի կատարուած նոր բացայայտումներուն շնորհիւ, որոնք կ՛առնչուին իր ընտանիքին հսկայական, յաճախ կառավարութեան օգնութեամբ ձեռք բերուած մասնաբաժիններուն՝ շահութաբեր առեւտուրներուն մէջ, որոնց կարգին յատկապէս կարելի է նշել հաղորդակցութեան, հանքարդիւնաբերութեան եւ շինարարութեան բնագաւառներուն մէջ անոր ունեցած մեծ շահերը։