ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Տօնական տրամադրութեան համահունչ՝ այս տարուան իմ վերջին յօդուածս կը նուիրուի ծիծաղաշարժ նիւթի մը:
«Ազատ Եւրոպա/Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ատրպէյճանական ծառայութեան թղթակից Սաատաթ Աքիֆկիզին իր «Ներածուած խոշոր եղջերաւոր անասունները բարիք չեն Ատրպէյճանի համար» խորագրեալ յօդուածով կը տեղեկացնէ, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը 23 միլիոն տոլար ծախսած է «Գերմանիայէն եւ Աւստրիայէն 4500 գլուխ ցեղային կովեր ներածելու համար՝ անասուններու որակն ու կաթնատուութիւնը բարձրացնելու նպատակով»: Աքիֆկիզի կը գրէ, որ իւրաքանչիւր եւրոպական կովէ կ՛ակնկալուէր օրական 40 լիթր կաթ մթերել՝ ի տարբերութիւն տեղական ատրպէյճանական կովերու, որոնք ընդամէնը 9 լիթր կաթ կու տային:
Ցաւօք, ծրագիրը ձախողեցաւ, եւ ներդրուած միջոցները վատնուեցան: Եւրոպական բարձրակարգ բազմաթիւ կովեր չկրցան կենդանի մնալ Ատրպէյճանի մէջ տիրող թշուառ կենսապայմաններուն:
Պաքուի պաշտօնատարները ագարակապանները մեղադրեցին «ներածուած կովերու ոչ պատշաճ խնամքի համար, անոնք, ըստ երեւոյթին, յատուկ գուրգուրանք կը պահանջեն»: Գիւղատնտեսական հարցերով ատրպէյճանցի վերլուծաբան Ուահիտ Մահարամով բացատրեց, որ արտերկրէն ներկրուած եղջերաւոր անասունները «բարձրորակ կեր, յատուկ մաքրութիւն ու խնամք կը պահանջեն»:
Միւս կողմէ, ագարակապանները կը բողոքեն, որ իրենք չեն կրնար օտար կովերու հանդէպ նման շռայլ խնամք եւ ուշադրութիւն ցուցաբերել, քանի որ «անիկա կը յանգեցնէ կաթի մթերման գիներու կտրուկ աճի»:
Ագարակապան Թարպիա Եւսիֆովա դժգոհ է, որ ներածուած կովերուն համար իր կատարած խոշոր ներդրումային ծախսերը չեն փոխհատուցուիր. «Մեր արտադրած կաթին գինը յաճախորդներուն մեծ մասին համար սուղ է, քանի որ անասուններու կերակրման համար անհրաժեշտ անասնակերը շատ բարձր գինով ձեռք կը բերենք»:
Ահա թէ ինչպէս կը գործէ կառավարութեան «կովի վարձակալութիւնը». ագարակապանները պետութեան հսկողութեան տակ գտնուող «Ակրոլիզինկ» ընկերութենէն կովերը վարձակալելու ժամանակ կը վճարեն կովերու արժէքին կէսը, իսկ մնացած մասը պէտք է մարեն երեք տարուան ընթացքին: Ագարակապանները պէտք է «ունենան իրենց սեփական արօտավայրը եւ իրենց գոմերուն մէջ խստօրէն պահպանեն կանոնակարգը»: Աքիֆկիզի կը բացատրէ, որ՝ «խոնաւութիւնն ու լուսաւորութիւնը պէտք է պատշաճ ըլլան, իսկ կերակրումն ու առողջապահական պայմանները եւրոպական անասունները պէտք է յիշեցնեն անոնց երկրին պայմանները»:
Այնուամենայնիւ, ներածուած կովերուն համար Ատրպէյճանի պայմանները շատ հեռու են գերազանց ըլլալէ: Երբ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակիցը այցելած է Ղուշչի գիւղին մէջ գտնուող Ֆիրուտին Հասանովի ագարակը, ան տեղեկացած է, որ ագարակապանը ստիպուած իր 30 ցեղական կովերը բաժնած է Պաքուի շրջակայքը ապրող հարազատներուն, քանի որ ի վիճակի չէ եղած համապատասխան կենսապայմաններ ապահովելու անոնց համար:
Աքիֆկիզի Հասանովի ագարակը կը նկարագրէ իբրեւ «աղտոտ տեսք ունեցող ախոռ մը, որ կարծես թէ ամիսներով չէր մաքրուած: Անիկա լեցուած էր գոմաղբով, պատերուն վրայէն կը վազէին սարդերը, իսկ ճանճերը կը պտտէին կերակրամաններուն շուրջ»:
Հասանով բացատրած է, որ՝ «ի վիճակի չէ բարեկարգելու իր գոմերը, որովհետեւ գիւղին մէջ չի կրնար վաճառել իր կովերուն կաթը» այն գինով, որ կը ծածկէ անոր ծախսերը:
Իրավիճակը աւելի կը բարդանայ, քանի որ ագարակապանները «Ակրոլիզինկ» ընկերութեան պէտք է վճարեն վարձակալութեան ամբողջ գումարը, նոյնիսկ եթէ կովերը վաղաժամ սատկին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ՝ «2009 թուականէն սկսած՝ ներկրուած կովերու առնուազն 260ը սատկած է, իսկ կորուստները կազմած են 1.3 միլիոն տոլար»: Յայտնի չէ, թէ այդ կովերէն քանին անձնասպան եղած են՝ չդիմանալով տիրող նման անտանելի պայմաններուն:
Պատմութիւնը աւելի լուրջ շրջադարձ կը ստանայ, երբ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին թղթակիցը լուրջ հարցեր կը բարձրացնէ եւրոպական կովերու գինին եւ զանոնք ներկրող ընկերութիւններուն ինքնութեան մասին:
Գիւղատնտեսական հարցերով վերլուծաբան Մահարամով կը նշէ, որ՝ «այն գիները, որոնք ատրպէյճանցի ագարակապաններէն կը պահանջեն վճարել ցեղային կովերու համար, զգալիօրէն բարձր են, քան՝ այլ երկրներու մէջ»: «Ազատութիւն» կայանը պարզած է, որ՝ «Աւստրիայէն ներմուծուած իւրաքանչիւր ցեղային կովու արժէքը կազմած է 5 հազար տոլար, մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ անիկա շուրջ 3 հազար տոլար է»:
Ըստ «Ակրոլիզինկ» ընկերութեան՝ Ատրպէյճան եւրոպական կովեր ներմուծելու դիմում-մրցոյթի յաղթողներ ճանչցուած երեք անյայտ ընկերութիւններ՝ «Ռիսթա Ալիանս», «Նինոքս Ալիանս» եւ «Սուիսփոյնթ Մըրչընթց լիմիթըտ». վերջինս Նոր Զելանտայի մէջ արձանագրուած է 2009-2011 թուականներուն: «Ազատութիւն» ռատիոկայանը բացայայտած է. «Նոր Զելանտայի առեւտրական գրանցամատեանի կայքէջին մէջ կը նշուի, որ այդ ընկերութիւնը կը ղեկավարէ Լաթվիոյ քաղաքացի Ինտա Պիլտերը»:
Գրանցամատեանի որոնումը ցոյց տուած է, որ «Պիլտեր հարիւրաւոր ընկերութիւններու տնօրէն կամ բաժնետէր է: Այս տարուան սկիզբը ուքրանական «Զերկալօ նեդելի» թերթը հաղորդած է, որ այդ ընկերութիւններէն մէկը՝ «Ֆալքոնա Սիսթըմզ»ը կապ ունի պետական ընկերութիւններու աւելի քան 150 միլիոն տոլար գումարի կասկածուող խարդախութեան մէջ»:
Մահարամով կասկածներ ունի եւ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին ըսած է. «Նկատի առնելով այն հանգամանքը, որ կառավարութիւնը հապշտապ պիւտճէական միջոցներ ուղղած է (արտերկրէն խոշոր եղջերաւոր անասուններ ձեռք բերելու համար) առանց որեւէ նախապատրաստութեան, ապա կրնաք կասկածիլ, որ այս գործին մէջ առկայ են նաեւ այլ մտադրութիւններ»:
Ներածուած կովերուն մասին խօսելու ժամանակ Մահարամով պէտք է շատ զգոյշ ըլլայ: 2009 թուականին ատրպէյճանցի պլոքըր Էմին Միլին բանտարկուած էր, որովհետեւ գրած էր, թէ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը ներածուած էշերու համար շատ մեծ գումարներ վճարած էր:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը