
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ինչպէս հաղորդած էինք, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպումը պիտի կայանայ յաջորդ տարուան Յունուար ամսուան վերջաւորութեան, Փարիզի մէջ, ներկայութեամբ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներուն:
Այս հանդիպման մասին լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12ին յայտարարեց, թէ հաւանաբար Յունուարի վերջին շաբաթը կայանալիք Փարիզի հանդիպման ընթացքին պիտի քննուին Արցախի տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնելու նոր գաղափարներ, որոնք Տուպլինի հանդիպման ներկայացուցած էին համանախագահներուն կողմէ:
Մամետեարով աւելցուցած է, թէ վերջին 6-7 տարիներու ընթացքին, առաջին անգամն ըլլալով, համանախագահներուն եւ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպումէ մը ետք համատեղ յայտարարութիւն չէ կատարուած, ինչպէս եղաւ Տուպլինի խորհրդակցութիւններէն ետք:
«Փետրուարին Հայաստանի մէջ նախագահական ընտրութիւններ պիտի կայանան: Հաւանաբար, Հայաստանի ապակառուցողական կեցուածքը այդ իրողութեան կապուած է», աւելցուց ան: