ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 10 Դեկտեմբերին ընդունած է Հայաստանի մէջ Քուէյթի դեսպան Պասսամ Մոհամէտ Ալ Քապանտին, Միջազգային իսլամական բարեգործական կազմակերպութեան ղեկավար Մոհամէտ Ս. Մ. Ապուղէյթը, «Քուէյթ Նիուզ» գործակալութեան գլխաւոր խմբագիր Համետ Ալ Ամիրին:
Այցելութեան դրդապատճառը 29 Նոյեմբերին սփիւռքի նախարարին եւ Քուէյթի դեսպանին միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումն էր, որուն ընթացքին վերջինը յայտնած էր, թէ Քուէյթ պիտի օժանդակէ Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայութեան՝ 100 հազար տոլարի սահմաններուն մէջ օգնութիւն տրամադրելով անոնց։
Նախարար Յակոբեանը հանգամանօրէն ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն հիմնախնդիրները եւ խօսած է այն անհրաժեշտ ուղղութիւններուն մասին, որոնց առանձնայատուկ ուշադրութիւն եւ առաջնահերթութիւն պէտք է յատկացնել ծրագիրներ իրականացնելու իմաստով: Նախարարը յայտնած է, որ ներկայիս Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն համար կը շարունակեն հիմնական մնալ բնակարան, աշխատանք եւ կայուն եկամուտ ունենալու խնդիրները: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ սուրիահայերը հիմնած են իրենց հասարակական կազմակերպութիւնը՝ «Սիրիահայերի հիմնախնդիրները համակարգող կենտրոն»ը, որուն աշխատանքներուն ճամբով կարելի կ՛ըլլայ ճշդել սուրիահայերուն կարիքներն ու առաջնահերթ հիմնախնդիրները, ապա տարբեր կառոյցներու եւ միութիւններու դիմելով՝ փորձ կը կատարուի անոնց լուծում գտնելու։
Միջազգային իսլամական բարեգործական կազմակերպութեան ղեկավար Մոհամէտ Ապուղէյթ յայտնած է, որ իրենք կը փափաքին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան օժանդակութեամբ ուսումնասիրել իրավիճակը, որոշել սուրիահայերուն տրուող օժանդակութեան ձեւն ու չափը:
Նախարար Յակոբեանը խորհուրդ տուած է Հայաստանի մէջ գտնուող սուրիահայերուն համար իրականացնել երկարաժամկէտ եւ մնայուն ծրագիրներ՝ նկատի ունենալով բնակարաններու անհրաժեշտութիւնը: Մոհամէտ Ս. Մ. Ապուղէյթ պատրաստակամութիւն յայտնած է ուսումնասիրելու նախարարին առաջարկները՝ միաժամանակ նշելով, որ իրենք, այնուամենայնիւ, կը փափաքին յատկապէս մանուկներուն համար տրամադրել տաք հագուստ, դեղորայք եւ պարէնային մթերքներ:
Հանդիպման աւարտին որոշուած է նպատակակէտ ունենալ՝ 200ի շուրջ կարիքաւոր ընտանիքներ հիմնական անհրաժեշտութեան պարէնամթերքով, տաք հագուստով կամ ծածկոցներով ապահովելը: Սփիւռքի նախարարութեան օգնութեամբ քուէյթցի պատասխանատուները տեղւոյն վրայ պիտի ուսումնասիրեն եւ ծանօթանան իրավիճակին, այնուհետեւ, անհրաժեշտութեան պարագային, նոր մօտեցումներ պիտի որդեգրեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.