ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Վերջերս Լոս Անճելըսի Լարք Երաժշտական ընկերակցութեան եւ յատկապէս անոր հիմնադիր տնօրէն երաժշտագէտ Վաչէ Պարսումեանի կողմէ գաղութս հրաւիրուած էր հայրենի երաժիշտ, «կոմպոզիտոր», կոմիտասագէտ Արթուր Շահնազարեանը, որպէսզի երաժշտասէր հայ հասարակութեան իրերայաջորդ դասախօսական երեկոներով հրամցնէ իր ուսումնասիրութիւնները ազգային բանահիւսութեան, հայ հնագոյն երաժշտութեան, խազաբանութեան, մեծանուն եւ հանճարեղ Կոմիտաս վարդապետի, հայ պարարուեստի եւ հայ հնաբանութեան մասին:
Պէտք է շեշտել, թէ «Լարք»ը առաջին անգամը չէր, որ հայրենի կամ Սփիւռքի հայ տաղանդաւոր արուեստագէտներով հարստացած մշակութային իւրայատուկ երեկոներ կը կազմակերպէր՝ հայ մշակոյթի պարիսպը հաստատ պահելով: Այս բոլորը հաստատելու համար, բաւարար է հետեւիլ «Լարք»ի ծրագրումներուն եւ աշխատանքներուն, ապա, առ ի գնահատանք՝ դրական ու գործնական կերպով արժեւորել զանոնք:
Անձնական զանազան պատճառներու բերումով, «Լարք»ին հրամցուցած այս չորս դասախօսութիւններէն միայն վերջինին՝ Կոմիտասի նուիրուած բաժինին, կրցայ ներկայ գտնուիլ: Ամենայն հարազատութեամբ կրնամ ըսել, թէ այդ երեկոյ մեզմէ շատերը այսքա՛ն մօտէն չէին ապրած հայ երգով, այսքա՛ն հարազատութեամբ չէին զգացած հայ երգին հնչեղութիւնն ու գեղեցկութիւնը եւ այսքա՛ն անմիջականութեամբ հաղորդակից չէին եղած հայ երգին, մանաւանդ՝ անմահն Կոմիտասի հետ:
Կրկնելու գնով ըսեմ, որ այսօր բոլորս ալ անխտիր, մեծով ու պզտիկով, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի տարածքին, հայօրէն գոյատեւողներ, ամէն բանէ աւելի հոգեկան կարիքն ունինք մեր կեանքը ջերմացնելու, որովհետեւ ազգովին կը հաւատանք, որ այնքան ատեն, որ հայ միտքն ու ջիղը լծուած են մնան ստեղծումի եւ կերտումի, այնքան աւելի կ՛ապահովուի մշակոյթի գոյութիւնը: Անոր համար յաճախ երկար կը մտածեմ մեր մշակոյթի ճակատագիրին մասին, երգին, գիրին պարին եւ գրականութեան մասին, եւ յանկարծ երակներէս ի վեր վախ մը կը սկսի սողալու:
Սփիւռքի զաւակ ըլլալով՝ կը զգամ, որ Սփիւռքը ամէն օր հոգեվարքի մէջ է: Սակայն, երբ ներկայ կ՛ըլլամ նման նախաձեռնութիւններու, հոգիս կարծես կը վերափոխուի, կը ջերմանայ, կը խանդավառուի ու անմիջական շրջապատիս նկատմամբ ունեցած հաւատքիս մաշած ոտնամանները ինքնաբերաբար կը նորոգուին, ինչպէս կ՛ըսէին մեր մեծերը, ու մեր վաղը կը դառնայ արեւոտ ու յուսալից: Անոր համար պէտք է անպայմանօրէն մտնել հայ երաժշտութեան ու մանաւանդ Կոմիտասեան ստեղծագործութեան ծալքերէն ներս, որպէսզի մեր կեանքը առաւել հարստանայ եւ առաւել պայծառանայ:
Հայ երգին հանդէպ մեր սէրն ու պաշտամունքը միշտ պէտք է վառ պահել: Այս էր պատգամն ու այսօրուան հրամայականը:
Դարերու ընթացքին հայ երգը հայ գիւղացիին եւ մշակին անբաժան ընկերն էր: Հայ հողագործը, իր երգը դարձուցած էր իր կեանքի ոգեղէն հացը: Վկայ՝ Կոմիտաս վարդապետն ու անոր ստեղծագործութիւնները: Գաղտնիք մը բացայայտելու միտումով յայտնեմ, որ դասախօսութեան ընթացքին յատկանշական էր սրահի խանդավառ մթնոլորտն ու ներկաներուն բարձր տրամադրութիւնը՝ տարբեր տարիքի անձերու ներկայութեան եւ անոնց գոհունակ արտայայտութեան կողքին:

Սրահին մէջ Կոմիտաս վարդապետը ներկայ էր իր փոքր ու որբ հասակէն, մինչեւ իր հոգեւորականի, արուեստագէտի, ճարտարապետի, պարուսոյցի եւ ստեղծագործի տարիները: Իրողութիւն մը, որ մեր բոլորի աչքերուն մէջ կ՛ամրացնէր տեսիլքներ, իսկ մեր սիրտերուն մէջ կը մխրճէր յոյզեր, ու միաժամանակ կը դրոշմէր կենդանի ապրումներ:
Հայրենի հիւրը, իր խօսքերով, իր բացատրութիւններով, իր խոր ապրումներով, լեցուն երգերով եւ ձայնային հարազատութեամբ, յաճախ թնդացուց նոյն այդ յոգնած, հայ իրաւ երգի ու երաժշտութեան ծարաւ մեր միտքերը՝ խորտակելով անոնց մէջ բոյն դրած բոլոր պատուարները:
Անկասկած, որ հայ երգը միաձուլուած էր սրահը խճողած արուեստասէր բազմութեան հետ։ Երբ Շահնազարեանը հայրենի երկրի շունչով, հայրենի հողին բուրմունքով, ջուրին անմահութեամբ, երկինքի յաւերժական կապոյտով եւ հայ բազուկին զարկով հանդիսացող բառեր եւ երգեր կը յիշէր կամ կը հրամցնէր ու բոլորին հոգիները հպարտանքով եւ խանդավառութեամբ կը շաղախէր:
Ինծի համար, այդ երեկոյ, ամէնէն յատկանշականը այն յստակ թելադրանքն էր, որ էական ու անհրաժեշտ էր հայ արուեստագէտի ոտքին տակ պահել հայրենի հողն ու անոր բուրմունքը: Սրահը լսեց հայրենի հողին այն դարաւոր ձայնը, զոր հազարաւոր հայեր անտեսած էին, որովհետեւ, անէ՛ծք սատանային, մեծ թիւով հայ մարդիկ, մեծ ու փոքր հայեր, տարիներէ ի վեր ու նոյնիսկ այս օրերուն մոռցած են հայրենի իրենց հողը ու այդ հողին արժէքն ու խորհուրդը: Փաստ՝ ցարդ շարունակուող անսովոր արտագաղթը հայրենիքէն:
Նոյն այդ մարդիկը մոռցած են նոյնիսկ այն երկիրը, որուն վրայ կ՛ապրէին, եւ ուր ապրած էին նաեւ իրենց նախնիները՝ մեծ պապերը:
Պայծառութեան եւ երանութեան այս աշխարհին մէջ, երբ կը կորսնցնես հոգեկան կապդ երկիրիդ հետ, այլեւս կը դառնաս միայն անունով հայ: Ա՛յս էր իրականութիւնը: Այս էր նաեւ մեր ծնողքէն, մեր դպրոցէն ու մեր ակումբէն ժառանգուած բաժինը:
Շահնազարեան, այդ երեկոյ, ճոխն ու հանդարտը իրարու կամրջելով, իւրաքանչիւր երգի հետ ապրելով եւ դաշնակի վրայ նուագելով՝ ոչ միայն իրեն հետ ապրեցուց սրահը, այլեւ ըրաւ այն մաղթանքը, որ բոլորս անպայմանօրէն լսենք մեր հողին կանչը, որովհետեւ միայն նոյն այդ հայ հողին մէջ է, որ կը ծլի ու կը ծաղկի մեր մշակոյթը՝ իր բազմաշերտ հայ երանգներով, իր երաժշտութեամբ, երգով, պարով, գիրով ու գրականութեամբ:
Ահա թէ ինչո՛ւ այդ երեկոյ մեզի այցի եկան առողջ միտքեր, որոնց իբրեւ հարազատ արդիւնք՝ ձեռնարկի աւարտին աննախընթաց բազմաձայն ծափերը ալեկոծեցին սրահը:
Բանախօսութեան ընթացքին հրամցուած բացատրութիւններն ու լուսաբանութիւնները, հայ երգի ու երաժշտութեան յատուկ նորութիւնները, իրենց կարգին եկան ներկաներու խանդավառութիւնը առաւել տիրական դարձնելու:
Ներկաներու ուրախութիւնը, հարազատութիւնն ու գոհունակութիւնը դարձան պատմական, որուն համար ալ գաղութը միշտ երախտապարտ պիտի մնայ «Լարք»ին եւ հանճարեղ Արթուր Շահնազարեանին: