
ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- «Մերտինեան» վարժարանը կը տեղեկացնէ, թէ «Էհմընսըն» հիմնարկին կողմէ վերջերս կատարուած յատկանշական նուիրատուութեամբ մը կարելի եղած է աւելի ընդարձակ սրահ տեղափոխել վարժարանի համակարգիչներու կեդրոնը՝ միաժամանակ աւելի արդիական համակարգիչներով ու ծրագիրներով օժտելով զայն: Համակարգիչներու եւ անոնց միջեւ ցանցեր հաստատելու մասնագէտ Ճեք Մունչուրեան, կամաւոր կերպով իրականացուցած է համակարգիչներու նոր կեդրոնի համակարգումը: