ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 29ին, Ամերիկահայ ցանցի (TAAN) եւ Հայ գործարարներու ուղեցոյցի «ArmenianBD.com» կայքին համատեղ կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ գործարարներու նուիրուած մրցանակաբաշխութեան արարողութիւն մը, «Վատիկան» սրահին մէջ՝ ներկայութեամբ 250 մասնակիցներու:
Վերոնշեալներուն եւ Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեանի գրասենեակին կողմէ համայնքային սպասարկութեան համար մրցանակներ ստացան հետեւեալները՝ Տարին Ֆիշմըն («Պենք աֆ Ամերիքա»), «Երեւան» թերթը, Տեպրա Կարապետեանի իրաւաբանական գրասենեակը, Քեն Ֆիլիփս («Հովիտի տնտեսական միութիւն»), Չեսթըր Չոնկ (Չին-ամերիկեան առեւտուրի գրասենեակ), Էտուարտօ Տիամանթէ, «Մայօ» հեռահաղորդակցութիւններ, «Օթօ Ուորլտ», «Գօգօ՛զ Ֆաունտըրի», Արմէն Ալոյեան եւ Կարօ Քիւրքճեան:
Ներկաները վայելեցին գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը, իսկ ձեռնարկի հանդիսավարն էր պատկերասփիւռի հաղորդավար Թագուհի Թրէյսի Օհանեան:
Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար, այցելել
www.theworldnetworks.com կայքը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.