ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 7ը Հայաստանի աղէտալի երկրաշարժի 24րդ տարելիցն է։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Կիրակի, Դեկտեմբեր 9ին, Ս. պատարագի ընթացքին, «Տէր Ողորմիա՛»ի յատուկ արարողութիւն մը պիտի կատարուի, ի յիշատակ զոհերուն:
Ազգ. առաջնորդարանը կոչ կ՛ընէ ժողովուրդին, որ այդ օրը, եկեղեցիներուն մէջ աղօթքով խոնարհին զոհերու յիշատակին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.