
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4ին լոյս տեսած է դանիական «Պերլինսքէ» օրաթերթի թղթակից Սիմոն Պենթսենի յօդուածը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, որ վերածուած է Դանիոյ հասարակակական-քաղաքական շրջանակներուն կողմէ ամենաշատ քննարկուող նիւթը վերջին քանի մը օրերուն: Քննարկումները ծաւալած են դանիական լրատուական թերթերու, համացանցային լրատուամիջոցներու, ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի կայաններու միջոցաւ:
Յօդուածին մէջ լրագրողը ներկայացուցած է «Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ սքանտինաւեան արձագանգը» խորագիրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսի բացման ընթացքին՝ Դանիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպանի այն առաջարկը, թէ Քոփենհակենի Թագաւորական գրադարանը պէտք է ցուցադրութիւն մը կազմակերպէ նաեւ «Այսպէս կոչուած Հայկական Ցեղասպանութիւնը» խորագիրով:
Յօդուածին մէջ մէջբերուած է Ժողովրդական կուսակցութեան արտաքին հարցերով խօսնակ Սորեն Էսպերսենի կարծիքը, ըստ որուն՝ թրքական առաջարկը անհեթեթ է, որովհետեւ եթէ նման առաջարկ մը ընդունի, ապա պէտք է արտօնել, որ գերմանացի ազգայնամոլները ցուցահանդէս մը կազմակերպեն Հրէական Ողջակիզման մասին:
Դանիացի նշանաւոր պատմաբան, ցեղասպանագէտ Մաթիաս Պէօնելունտ եւս յօդուածին մէջ ակնարկած է, որ եթէ թոյլատրուի Թուրքիոյ դեսպանատան նախաձեռնութիւնը, ապա Թագաւորական գրադարանը, որպէս գիտական հաստատութիւն՝ պիտի հաւասարեցնէ պատմական այս իրադարձութեան նկատմամբ հայկական եւ թրքական դիրքորոշումները, մինչ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրականութիւն մըն է, եւ այդ մասին որեւէ այլ մեկնաբանութիւն գիտական չի կրնար ըլլալ:
Յօդուածին մէջ մէջբերուած է նաեւ Դանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Հրաչեայ Աղաջանեանի խօսքը, ուր ան յոյս կը յայտնէ, որ Թագաւորական գրադարանը տեղի չի տար Թուրքիոյ դեսպանութեան ճնշումներուն եւ չի կազմակերպեր ուրացման արշաւին նպաստող նման որեւէ միջոցառում:
Ըստ դանիական մամուլին՝ Դանիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր «Վենսթրէ» ազատական կուսակցութիւնը եւս պահանջած է մշակոյթի նախարարէն, որ արտօնութիւն չտայ Թուրքիոյ դեսպանատան նման միջոցառում մը կազմակերպել: