ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի ազգային հաւաքականի յարձակողական գիծի մարզիկ Եուրա Մովսիսեանը պիտի ըլլայ Մոսկուայի «Սպարտակ» խումբի բարձրագոյն վարձատրութեան արժանացող ֆութպոլիստներէն մէկը։
25ամեայ մարզիկը Մոսկուայի խումբէն պիտի ստանայ տարեկան 2.4 միլիոն եուրոյի աշխատավարձ։ «Սպարտակ»ի մէջ ամէնէն բարձր աշխատավարձ կը ստանայ պրազիլցի խաղացող Վելիտոնը, որ տարեկան 2.5 միլիոն եուրօ կը շահի:
Յիշեցնենք, որ 28 Նոյեմբերին Մովսիսեան 5 տարուան համաձայնագիր կնքած էր Ռուսիոյ խումբին հետ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.