ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- 2010ին կազմուած «Թերուար» եռեակը իր «Խորհրդաւոր անցարգելներ» շարքին երկրորդ ելոյթը պիտի ներկայացնէ Կիրակի, Դեկտեմբեր 1ին, երեկոյեան ժամը 5ին, «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կեդրոնի «Թրբանճեան» սրահին մէջ (543 Arden Avenue, Glendale, CA, 91203):
Այս համերգին խորագիրն է «Ընդհանրապէս ռուսական». իբրեւ գլխաւոր գործեր՝ պիտի ներկայացուին Տիգրան Մանսուրեանի դաշնակի երկրորդ եռեակը՝ յօրինուած իր մօտիկ ընկերոջ Ալֆրետ Շնիթքէի մահուան առիթով, եւ Ռախմանինովի դաշնակի առաջին եռեակը:
Պիտի ներկայացուի նաեւ հայ յօրինող Գուրգէն Ալեմշահի հազուագիւտ ներկայացուող կտոր մը՝ «Lamento et Danse Armenienne»ը, որ ջութակի եւ երկու դաշնակներու համար յօրինուած ստեղծագործութիւն մըն է: Պիտի նուագուին Արվօ Փայերթէն, Քրիսթոֆ Փենտերեցքիէն, Տմիթրի Շոսթաքովիչէն ու Էրիք Սաթիէն կարճ կտորներ:
Եռեակը բաղկացած է դաշնակահար Ծովիկ Մարգարեանէն, թաւջութակահար Տերիք Սթայնէն եւ Մարք Մենզիէսէն, որ ջութակով, ջութով կամ դաշնակով կը բերէ իր մասնակցութիւնը:
Մուտքի սակը 20 տոլար է: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 500-9997 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.