Հոկտեմբերի 22ի իր թիւով Գանատայի մէջ հրատարակուող ՌԱԿի «Ապագայ» (ազգային, մշակութային եւ հասարակական) շաբաթաթերթը տեղեկացուց, որ ունի նոր խմբագիր մը յանձին Աւետիս Պագգալեանի, որ կը փոխարինէ երկար տարիներու թերթի խմբագրական աշխատանքները ձեռնհասօրէն վարող Արսէն Նուպար Մամուրեանը: Որոշ ժամանակ թերթը, մինչեւ նոր խմբագիրի նշանակումը, հրատարակուեցաւ «խմբագրական կազմի» հսկողութեան ներքոյ:
Նոր խմբագիրը իր առաջին խմբագրականին մէջ՝ տպագրուած «Ապագայի» Հոկտեմբեր 29ի թիւով, «Մի թուլցնէք ձեր ընթերցումի ճիգի գօտին» ուշագրաւ վերնագիրով եւ ակնյայտ նախանձախնդրութեամբ ու արդարացի մտահոգութեամբ, կոչ կ՛ընէ պահպանել եւ «վառ պահել մեր ոսկեղենիկ մայրենի լեզուն»:
«Առիթն է այսօր… անգամ մը եւս վերյիշենք երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. կաթողիկոսը, որ իր այժմէական պայծառատեսութեամբ եւ ապագայատեսիլ ակնարկով զգուշացուած է մեզ՝ ըսելով. «Մի՛ թողուք լոյսը» քալելու համար ստուերի հետքերով: Մի՛ թուլցնէք ձեր ընթերցումի ճիգի գօտին… Մի խափանէ՛ք լոյսը փայլքին հաշւոյն»», կ՛եզրափակէ ան իր յօդուածը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.