ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ազատութիւն».- 2013 թուականին պիտի սկսի Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր շրջանները համացանցով ապահովելու ծրագիրը: Այս մասին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի թղթակից Լուսինէ Մուսայելեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարար Լեւոն Մնացականեանը։
Ներկայ դրութեամբ որոշ շրջաններ արդէն օժտուած են համացանցով, սակայն նախարար Մնացականեան չէ ճշդած, թէ Լեռնային Ղարաբաղի քանի տոկոսը համացանցային հասանելիութիւն ունի։ Յստակ է, որ, ըստ վիճակագրական տուեալներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղի համացանցի բաժանորդներուն թիւը կը հասնի 10 հազարի:
«Այս աշխատանքներն իրականացնելու արդիւնքում, որը նախատեսուած է 2013 թուականին, մօտ երկու եւ աւելի անգամ կ՛աւելացուի ինտերնետ հոսքի մուտքը դէպի Ստեփանակերտ եւ շրջկենտրոններ, ինչպէս նաեւ գիւղական համայնքները հնարաւորութիւն կ՛ունենան օգտուելու որակեալ կապից», յայտնած է նախարարը։
Ղարաբաղի հիմնական համացանց մատակարարը 2002 թուականէն գործող «Ղարաբաղ տելեկոմ»ն է, որ նաեւ հեռաձայնային միակ ընկերութիւնն է: Այս բնագաւառին մէջ մենաշնորհում ունենալուն պատճառով անիկա մնայուն կերպով ենթակայ է բողոքներու եւ դժգոհութիւններու։ Այս ընկերութեան մատուցած ծառայութիւններուն դիմաց ճշդուած սակերուն դէմ բողոքի ալիք բարձրացած էր։ Երկու տարի առաջ ընկերութիւնը սկսաւ նուազեցնելու իր գիները։
Վերջերս 512/512 քիլօպայթ/վայրկեան արագութեամբ համացանց ունենալու համար, որուն գինը նախապէս կը կազմէր 7399 դրամ, բաժանորդները ներկայիս կը վճարեն 3000 դրամ: Յստակ է, որ 50-60 տոկոսով նուազած են գիները՝ նոյնիսկ աւելի լաւ արագութեան պարագային:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.