ԵՐԵՒԱՆ, «Նովոստի Արմէնիա».– Հայ առաքելական Ս. եկեղեցին Շաբաթ օր պիտի նշէ Հայաստանի առաջին լուսաւորիչներուն՝ Սուրբ Թադէոս եւ Սուրբ Բարթողիմէոս առաքեալներուն յիշատակը:
Տօնի նախօրեակին՝ նախատօնակի արարողութեան ընթացքին «Միածնաէջ Ս. Տաճար կը բերուեն Մայր Աթոռում պահուող Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարդուղիմէոս լուսաւորիչ առաքեալների մասունքները», գրուած է Ս. Էջմիածնի տեղեկատուական համակարգէն փոխանցուած տեղեկատուութեան մէջ։ Մասունքները հոն պիտի մնան մինչեւ 1 Դեկտեմբեր՝ այս առիթով կայանալիք Ս. պատարագի մատուցումը։
«Հայ հոգեւորականութիւնը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը կը կարողնանայ երկրպագութիւն կատարել Առաքեալների Սուրբ Մասունքներին», նշուած է տեղեկատուութեան մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.