
ԹԱՒՐԻԶ.- Ուրբաթ, 22 Նոյեմբերի առաւօտուն Սալմաստ այցելելով, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան իր գնահատանքը փոխանցեց Սալմաստեցի վաստակաշատ ազգային գործիչ Իշխան Մինասեանին:
85ամեայ Իշխանը վերջին ամիսներուն կը բացակայէր Սալմաստէն, առողջական պատճառներով: Իմանալով անոր վերադարձը, թեմակալ առաջնորդը բարի ապաքինման այցելութիւն տուաւ անոր, միաժամանակ իր բարձր գնահատանքը յայտնելով անցեալ տասնամեակներու ընթացքին, Սալմաստ գաւառի ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս անոր ունեցած ծառայութիւններուն եւ ներդրումին համար:
Գնահատելով Իշխան Մինասեանի բազմամեայ ծառայութիւնները յատկապէս Սալմաստի ազգապատկան կալուածներու պահպանման գծով, առաջնորդը ըսաւ. «Դուք անցնող աւելի քան հինգ տասնամեակներուն, սկսեալ ձեր վանեցի հօր եւ Սալմաստի հոգեւոր հովիւ՝ հոգելոյս Մեսրոպ Ա. քհնյ. Մինասեանի պաշտօնավարութեան շրջանէն, ջանք չէք խնայած պահպանելու մեր ազգապատկան կալուածները, Սալմաստ գաւառի «բացօթեայ թանգարան»ի ցան ու ցրիւ մեր սրբատեղիները՝ եկեղեցիները, ուխտավայրերը եւ մատուռները, ինչպէս նաեւ հողային լայնատարած կալուածները եւ այլ կառոյցները: Երկար տարիներ դուք վարեցիք մեր թեմի կողմէ նշանակուած հոգաբարձութեան աշխատանքները, իսկ այժմ, թէեւ հանգստեան կոչուած, սակայն ձեր ներկայութեամբ Սալմաստի մէջ ու յաճախակի խորհրդատուութեամբ սատար կը հանդիսանաք մեր թեմի կալուածներու կարգաւորման աշխատանքին»:
Իշխան Մինասեան սոյն այցելութեան առիթով առաջնորդին յանձնեց Փայաջուկ գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սրբազան սպասներէն՝ գեղակերտ արծաթեայ խաչը, զոր երկար տարիներ իր մօտ պահած էր գիւղի հայաթափումէն ետք՝ փրկելով կորուստէ:
Եկեղեցական սոյն թանկարժէք սրբազան գանձին տունդարձին առիթով, Գրիգոր Ծ. վարդապետ կոչ ուղղեց թեմի ժողովուրդի այն զաւակներուն, որոնք ժառանգաբար իրենց տուներուն մէջ կը պահեն եկեղեցական-ազգային հնութիւններ, կիրառական արուեստի նմոյշներ, եկեղեցական անօթներ թէ ձեռագիր մատեաններ, ապագային զանոնք զետեղելու վերակառուցուելիք «Մելիք-Թանգեան» թանգարանին մէջ:
Յայտնենք, որ 2000 թուականին, Ատրպատականի Հայոց թեմին շնորհած իր հովուապետական այցելութեան առիթով, Արամ Ա. կաթողիկոս «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրած էր վաստակաշատ Սալմաստեցի Իշխան Մինասեանը:
Thank you for this interesting article. Salmast must be a very extraordinary place because some very famous Armenians were/are from Salmast, including of course the writer Rafi .