
– Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 7ին, Կուաթեմալայի արեւմտեան շրջանները հարուածած 7.4 ուժգնութեամբ երկրաշարժը, որ 1976էն ի վեր երկիրը հարուածած ամենազօրաւոր ցնցումն է, առնուազն 52 զոհ խլած է:
– Ատրպէյճանի պետական տուեալներու համաձայն՝ յառաջիկայ տարի երկիրի բնակչութեան թիւը 9,490,000ի պիտի հասնի:
– Իկտիրի մէջ կը կառուցուի նոր մզկիթ մը, որ պիտի ունենայ 70 մեթր բարձրութեամբ չորս մինարէներ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ մինարէները պիտի տեսնուին Հայաստանէն. այս մասին ըսած է նահանգի կրօնապետ Ճիւնէյթ Գուլազ: