
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20ին, Հայ ոսկրածուծի միութեան ի նպաստ դրամահաւաք-քայլարշաւ մը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի մէջ: Իր տեսակին մէջ եօթներորդ սոյն քայլարշաւին ընթացքին, որ սկսաւ Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» հիւանդանոցին առջեւէն, կարելի եղաւ գոյացնել աւելի քան 50,000 տոլար գումար մը:
Քայլարշաւի մասնակիցները քալեցին մինչեւ Կլենտէյլ գտնուող Հայաստանի հիւպատոսարանի շէնքը ու վերադարձան հիւանդանոց: Ըստ կազմակերպիչներուն՝ քայլարշաւի մասնակցողներուն գրեթէ 90 տոկոսը երիտասարդներ եղած են: