
ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիոյ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգի նահանգային խորհրդարանը 24 Հոկտեմբերին միաձայնութեամբ ընդունեց բանաձեւ մը, որով ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը։
Այս առիթով Աւստրալիոյ Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Վաչէ Գահրամանեան նշեց, թէ Նիւ Սաութ Ուէյլզ նահանգը, որ երկրին ամէնէն հայաշատ նահանգն է, եղաւ աշխարհի երրորդ նահանգը, որ կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Բանաձեւը ներկայացուած է օրէնսդիր խորհուրդի անդամ Մարի Ֆիկարայի կողմէ, որ հայկական հարցերու վաղեմի ջատագովն ու աջակիցն է։ Բանաձեւը կը ճանչնայ Արցախի անկախութեան 20ամեակը, կ՛աջակցի հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ կոչ կ՛ուղղէ Աւստրալիոյ դաշնակցային կառավարութեան, որ ինքն ալ նոյն ձեւով ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ յարաբերութիւններ ստեղծէ Աւստրալիոյ ու Արցախի միջեւ:
Գահրամանեան նշեց, որ 24 Հոկտեմբերը պատմական օր էր ո՛չ միայն աւստրալիահայութեան համար, այլ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչման առումով:
Նման բանաձեւի մը որդեգրումը Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի երկար ամիսներու քարոզարշաւի եւ տքնաջան աշխատանքի արդիւնք է։