Պատրաստեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Բացի ծխախոտէն, շատ մը բնական արտադրութիւններ, որոնք կը պարունակեն բնասպիտ (protein), կենսանիւթ (vitamine), մետաղներ, բոյսեր, խոտեր կամ այլ սննդանիւթեր կը գործածուին որպէս ամբողջացուցիչ նիւթեր մեր սպառած կերակուրներուն: Անոնք կը կոչուին «սննդառական լրացուցիչներ» (dietary supplements):
Աշխարհի ամբողջ տարածքին գոյութիւն ունին այս նիւթերը եւ անոնք շատ փնտռուած են սպառողական շուկային մէջ: Անոնք կը վաճառուին առատօրէն եւ յատուկ դեղագիրի պէտք չունին դասական բժշկութեան կողմէ:
Այս նիւթերը կը վաճառուին՝ յատուկ տուփերու կամ սրուակներու մէջ զետեղուած: Օրէնքի համաձայն, այս տուփերուն եւ սրուակներուն վրայ յստակ գրուած պէտք է ըլլայ.
Ա. «սննդառական լրացուցի»չ գրութիւնը.
Բ. Պարունակութեան մանրամասնութիւնները.
Գ. Պարունակութեան աղբիւրը՝ ուր արտադրուած ըլլալը.
Դ. Պարունակութեան քանակը եւ ծանրութիւնը.
Ե. Արտադրութեան թուականը:
Սննդառական լրացուցիչները կը գործածուին հիմնականօրէն փոխընտրական-լրացուցիչ բժշկութեան (alternative-complementary medicine) կողմէ:
Այն անհատները, որոնք կը գործածեն այս սննդառական լրացուցիչները համոզուած են, որ անոնք.
1. Ապահով նիւթեր են.
2. Բնականօրէն գոյութիւն ունին բնութեան մէջ.
3. Կ՛օգնեն մասնաւորապէս յատուկ հիւանդութիւններու չէզոքացումին.
4. Կը նպաստեն իրենց ամբողջ առողջութեան:
Շատ անհատներ կը գործածեն այս նիւթերը ինքնակամ, առանց բժիշկի կարծիքին: Նոյնիսկ շատեր չեն յայտարարեր եւ կը գործածեն գաղտնօրէն, առանց որեւէ մէկուն իմացութեան:
Սննդառական լրացուցիչներու օգտակարութիւնը եւ ապահովութիւնը պատմականօրէն հիմնուած է դարերէ ի վեր մեզի հասած սովորութիւններու եւ անհատական տպաւորութիւններու եւ փորձառութիւններու վրայ: Անցեալին շատ քիչ գիտական ուսումնասիրութիւններ կատարուած են այս ուղղութեամբ, սակայն վերջին տասնամեակներուն հսկայական ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին զանազան գիտական եւ դասական բժշկական կեդրոններու մէջ հաստատելու համար անոնց ապահովութիւնը եւ օգտակարութիւնը:
Ներկայիս այս նիւթերէն շատերը, օրինակ՝ ձկան իւղը եւ Glucosamine-ը նկատուած են ապահով եւ օգտակար արդի դասական բժշկութեան մէջ:
Սննդառական լրացուցիչները կ՛արտադրուին աշխարհի բոլոր տարածքին: Կարգ մը երկիրներու մէջ անոնց արտադրութիւնը պետական հսկողութեան տակ չէ: Սակայն կան երկիրներ, ուր պետական առողջապահական մարմիններ լուրջ հսկողութիւն կը բանեցնեն այս սննդառական լրացուցիչիցներու արտադրութեան գործընթացքին եւ ունին որոշ օրէնքներ ու կանոններ անոնց վաճառքին եւ սպառումին առնչութեամբ: Հակառակ այս հսկողութեան, տակաւին շատ մը երկիրներու մէջ պետականօրէն գոյութիւն չունին յստակ չափանիշներ անոնց պարունակութիւններուն նկատմամբ: Կան նաեւ շատ անորոշութիւններ, մտահոգութիւններ եւ հարցադրումներ անոնց նկատմամբ, օրինակ.
1. Կարելի՞ է փոխանակել դասական բժշկութեան դեղերը այս նիւթերով.
2. Արտադրութենէ ետք անոնց ազդեցութեան ժամանակաշրջանը որքա՞ն է.
3. Անչափահասներու եւ մանուկներու մօտ անոնք վատ հետեւանքներ կ՛ունենա՞ն.
4. Տարեցներ ապահով ձեւով կրնա՞ն գործածել զանոնք.
5. Այս նիւթերը որեւէ ներգործութիւն (interaction) կ՛ունենա՞ն գործածուած դասական բժշկութեան դեղերուն հետ:
Յանձնարարելի է գործածել այնպիսի սննդառական լրացուցիչներ, որոնք արտադրուած են պետականօրէն ճանաչցուած ընկերութիւններու կողմէ եւ որոնք արտադրուած են այն երկիրներուն մէջ, ուր խիստ հսկողութիւն կը տիրէ այս նիւթերու պատրաստութեան գործընթացին վրայ:
Հոս կ՛ուզեմ ներկայացնել սննդառական լրացուցիչներու մասնագէտներուն կողմէ գործածուած կարգ մը լրացուցիչ նիւթերու անունները եւ անոց գործածութեան դաշտերն ու ձեւերը.
1. Սեւ արիւծախոտ (black cohosh)
Անկա օգտակար է դաշտանադադարի ցաւերուն եւ յօդացաւին:
Անիկա կրնայ յառաջացնել կողմնակի բարդութիւններ, օրինակ՝ գլխացաւ, գլխապտոյտ եւ զարկերակային ճնշումի (blood pressure) նուազում:
Սեւ արիւծախոտը ներգործութիւն կ՛ունենայ ալքոլի եւ դասական հանդարտեցուցիչ դեղերու հետ:
2. Երիցուկ-հաւածաղիկ (chamomile)
Անոր ծաղիկներն են, որոնք կը գործածուին: Ան հանդարտեցուցիչ է: Երիցուկը օգտակար է բորբոքումներու, բարձր ջերմի, անմարսողութեան եւ ստամոքսի խոցերուն ու պրկումներուն:
3. Chondroitine
Անիկա աճառային (cartilaginous) նիւթ մըն է, որ կ՛արտահանուի շնաձուկի եւ կովու աճառային հիւսկէններէն: Անիկա կ՛արտադրուի նաեւ արհեստականօրէն: Այս նիւթը օգտակար է յօդացաւի եւ յօդերու ազատ շարժումներուն:
4. Chromium
Անիկա մետաղ մըն է, որ կը գտնուի ստեպղինի, գետնախնձորի, ցորենի, եւ բրքուկի-կանաչ ծաղկակաղամբի (brocolli) մէջ: Անիկա կը յառաջացնէ մկաններու աճ, կը հակակշռէ կշիռքի կորուստը, կը նուազեցնէ արեան ճարպերը, cholesterole-ը եւ triglyceride-ը:
Անիկա կրնայ վատ անդրադարձ ունենալ երփնամարմիններուն (chromosomes) վրայ:
5. Androgen
Անիկա կ՛արտադրուի բնականօրէն մակերիկամային գեղձի (adrenal gland) մէջ: Սակայն անիկա մեծ քանակութիւններով կ՛արտադրուի արհեստականօրէն եւ կը գործածուի լայնօրէն մարզիկներու եւ երիտասարդներու կողմէ: Անիկա կը գործէ առական ներազդակի (hormone) testosterone-ի նման:
Անոր դերակատարութիւններն են.
1. Աշխոյժ կը պահէ դիմադրողականութիւնը (immunity).
2. Կը բարելաւէ տրամադրութիւնը.
3. Կու տայ մղում եւ ուժականութիւն՝ կատարելու դժուար աշխատանքներ.
4. Կը բարելաւէ մտային կարողականութիւնը, սեռային փափաքը.
5. Կը զօրացնէ մկանները:
Անիկա կրնայ ունենալ վատ անդրադարձներ, որոնցմէ կարեւորագոյններն են՝ տղոց կրծքագեղձերու (breast) ծաւալում եւ շագանակագեղձի (prostate gland) գրգռութիւն ու ծաւալում, ինչպէս նաեւ աղջիկներու մազակալում (hairsutism):
(Վերջը յաջորդով)