
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կազմակերպութեամբ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17ին, առաւօտեան ժամը 11էն մինչեւ կ.ե. ժամը 2 տեղի պիտի ունենայ համալսարան դիմելու գործընթացքին եւ յատկապէս դիմումնագիրին ընկերակցող շարադրութեան նուիրուած աշխատաժողով մը:
Շրջանի երկրորդական վարժարաններու շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած սոյն խորհրդակցական ձեռնարկը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն շարք մը մասնագէտներ, պիտի կայանայ Պըրպենքի Հայ կեդրոնին մէջ (75 E. Santa Anita Ave. Burbank, CA 91502):
Մասնակցիլ փափաքողները պէտք է իրենց տեղերը կանխաւ ապահովեն՝ այցելելով
www.facebook.com/ANCABurbank կայքէջը: