ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Արցախի տագնապին լուծում մը գտնելու աշխատանք տանող ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահները շրջան պիտի այցելեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն ետք. Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18ին այս մասին յայտնած է ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահ Ժագ Ֆոր:
Ան աւելցուցած է, թէ նախարարներուն միջեւ հանդիպման մանրամասնութիւնները վերջնականանալու վրայ են, սակայն՝ առանց մանրամասնելու: Նախապէս հաղորդուած էր, թէ հանդիպումը Նոյեմբերին կրնայ կայանալ Փարիզի մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.