
ՊՈՒԽԱՐԵՍԹ, «Արմրատիօ».-«Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի անվտանգութիւնը եւրոպական անվտանգութեան անբաժանելի մասն է: Մենք այլընտրանք չենք տեսնում փոխզիջումների հիման վրայ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի շրջանակներում Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին: Վերջերս Եւրոպական միութեան անդամ երկրի կողմից արտայանձնուած մարդասպանին հերոսացնելով՝ Ադրբեջանը մարտահրաւէր նետեց ողջ քաղաքակիրթ մարդկութեանը, եւս մէկ անգամ ապացուցեց, որ այլատեացութիւնն այդ երկրի պաշտօնական քաղաքականութիւնն է եւ անմիջական սպառնալիք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի անվտանգութեան համար», յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը Պուխարեսթի մէջ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան համագումարին իր ունեցած զրոյցին ընթացքին։
Անդրադառնալով յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն՝ Ս. Սարգսեան յիշեցուց գարնան տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնք միջազգային դիտորդներուն կողմէ նկատուած են որպէս լաւագոյնը՝ անկախութեան հռչակումէն ի վեր:
«Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները հաստատակամ են գրանցուած առաջընթացը դարձնելու հաստատուն միտում եւ առաջիկայում անցկացնելու ազատ, արդար, թափանցիկ եւ ժողովրդավարական նախագահական ընտրութիւններ», յայտնած է ան։