ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Շաբաթ առաւօտ, Սեպտեմբեր 29ին, Սուրբ Գէորգ զօրավարի տօնին առթիւ, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Ս. պատարգ մատոյց, քարոզեց, դպիրներ ձեռնադրեց եւ պարգեւատրումներ կատարեց Կլենտէյլի Ս. Գէորգ Հայց. եկեղեցւոյ մէջ: Արարողութեան մասնակցեցան ծուխի հոգեւոր հովիւ Մամբրէ քհնյ. Քեսապեան եւ առաջնորդարանէն ներս ծառայող Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան:
«Հայր Մեր»էն առաջ, սրբազանը դպիր ձեռնադրեց Էդուարդ Անտոնեանը, Դաւիթ Անտոնեանը, Յակոբ Ղեւոնդեանը եւ Գրիգոր Ղուկասեանը: Նկատի ունենալով, որ եկեղեցւոյ սարկաւագներ Գէորգ սրկ. Նաճարեան եւ Մանուէլ սրկ. Սեմերճեան երկար տարիներէ ի վեր նուիրեալ ծառայութիւն կը մատուցանեն Հայց. եկեղեցւոյ, ուստի առաջնորդին ընդառաջելով՝ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը յղած էր Հայրապետական օրհնութեան եւ գնահատանաց գիր մը, որ ընթերցուեցաւ Մամբրէ քհնյ. Քեսապեանի կողմէ:
Նաեւ, Մամբրէ քհնյ. Քեսապեանի քահանայական ձեռնադրութեան 30րդ տարեդարձին առթիւ, սրբազան հօր խնդրանքին ընդառաջելով՝ կաթողիկոսը տէր հօր շնորհած էր Աւագ քահանայութեան պատիւը: Հայրապետական կոնդակին ընթերցումը կատարեց Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.