ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Կառավարութեան ընթացիկ նիստին Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան անդրադարձած է նախորդ շաբաթ Շիրակի մարզ կատարած իր այցելութեան։ Ան նշած է, որ բացայայտումները կը շարունակուին եւ բաւական խայտառակ պատկեր կը պարզուի։ «Պետական պիւտճէից 270 միլիոն դրամ էր յատկացուել Մեծ Մանթաշ գիւղում դպրոցաշինութեան համար: Այս պահի դրութեամբ, նախնական արդիւնքներով շուրջ 200 միլիոն դրամը փոշիացուած է: Նման իրավիճակ է բացայայտուել Մասիսի 5րդ դպրոցում», նշած է ան։
Վարչապետը աւելցուցած է. «Խախտումներ թոյլ տուած բոլոր անձինք պէտք է կրեն խիստ պատասխանատուութիւն: Պետութեանը պատճառուել է առաւել մեծ չափերի վնաս, այն էլ՝ սուրբ օճախի՝ դպրոցի կառուցման պարագայում»:
Սարգսեան դիտել տուած է, որ բոլոր գործերը արդէն իսկ յանձնուած են դատախազութիւն, որ իր կարգին պիտի հետապնդէ զանոնք, որպէսզի բոլոր մեղաւորները պատժուին:
Տիգրան Սարգսեան կառավարութեան անդամներուն տեղեկացուց, որ յետայսու ելեւմուտքի նախարարութեան ներքին համակարգի հաշուետուութեան մէջ խախտումներ յայտնաբերելու պարագային՝ բոլոր մեղաւորները պիտի պատժուին: «Անձնական պատասխանատուութիւն են կրելու բոլոր նրանք, ովքեր թոյլ կը տան բացթողումներ», դիտել տուաւ ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.