ԳԱՒԱՌ, «Արմէնփրէս».- Երկրորդ տարին ըլլալով, Սեւանայ լիճի «Ժայռէ լողափ»ին մէջ տեղի ունեցաւ «Միասնութեան տօն» համահայկական ձեռնարկը, որուն գլխաւոր հովանաւորն ու կազմակերպիչը «Ժայռ» համահայկական երիտասարդական կազմակերպութիւնն է: Նախաձեռնութեան միացած են նաեւ տարբեր հասարակական կազմակերպութիւններ: «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին «Ժայռ» կազմակերպութեան պատասխանատուներէն մէկը յայտնած է, որ նախաձեռնութեան նպատակն է նպաստել Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Արցախի հայ հասարակութեան միասնականութեան:
Միասնութեան գաղափարի շուրջ համախմբուած են Հայաստանի, Սփիւռքի եւ Ղարաբաղի տարբեր ուսումնական հաստատութիւններու ուսանողները: Սփիւռքէն եկած հայ երիտասարդները կազմեցին միասնութեան շրջանակ՝ ի նշան հայկական միասնական ոգիին, իսկ մարզերէն ու Արցախէն հաւաքուած երիտասարդները բլուրին վրայ կազմեցին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քարտէսները:
Երբ հնչեց Հայաստանի քայլերգը, ուղիղ կապով հանդիսութեան միացան տարբեր երկիրներու մէջ բնակող հայերը՝ միասնաբար հնչեցնելով «Մեր Հայրենիք»ը: Հանրապետութեան երգիչներու եւ խումբերու կողմէ հնչեց հայկական երգը, ու կենդանացաւ պարը: Իր անզուգական կատարումով ներկաները անգամ մը եւս հայրենասիրութեամբ ոգեւորեց Արսէն Գրիգորեանը՝ Մրօն: Ձեռնարկին մասնակիցները ճաշակեցին նաեւ ազգային աւանդական ուտելիքներ: Իսկ հանդիսութեան վերջին մասը ունեցաւ բնապահպանական բնոյթ. արդարեւ, լճափին տեղադրուեցան 3 տեսակի աղբամաններ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.