Ս. ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Սգակիր բարեկամներ եւ ՀՄԸՄական եղբայրներ,
Սա պահուն, երբ Յարութիւն Գույումճեան մարդը ալ չկայ, երբ անոր մարմինը յանձնեցինք յաւիտենական հողին, թոյլ տուէք ցաւակցութեան երկու խօսք ըսելու անոր յիշատակին:
Յարութիւն Գույումճեան ծնած է 1930ին նուիրական Հալէպ քաղաքը: Այն հիւրասէր, մարդասէր քաղաքը, ուր թուրքէն հալածուած ջարդուած մեր պապերը կայք դրին, սուրբ ու սրբազան ընտանիք կազմեցին՝ իրենց նահատակ պապերուն յիշատակը յաւերժացնելու համար: Բայց, կեանքին գաղտնիքը մարդ չի գիտեր: Այլապէս այդ ինչ ցաւ էր, այդ ինչ զուլում էր, որ եկաւ Գույումճեան ընտանիքին գլխուն: Հայր ու մայր մէկ օրուան տարբերութեամբ մահացան ու գացին: Ծանր էր: Բայց այդ է օրէնքը բնութեան:
Բայց այսու առաւելաբար պիտի անդրադառնամ «Գույում»ին ՀՄԸՄական կեանքին, անոր նուիրումին:
Յարութիւն Գույումճեան փոքր տարիքին կ՛անցնի ՀՄԸՄի շարքերը: Ան կ՛ըլլայ գայլիկ ապա՝ սկաուտ, ու կը մեծնայ ՀՄԸՄի ընտանիքին մէջ, կ՛առնէ անոր դաստիարակութիւնը՝ յարգանքի, համեստութեան նուիրումի ոգին, ազգին ու հայրենիքին ծառայելու մաքրամաքուր սէրը: Նաեւ կ՛ըլլայ ընտանեկան, ազգային, թէ ընկերական պարտականութեան գիտակից մարդ: Նաեւ ուրախանալի է, որ այսօր Գույումին զաւակները կ՛ընթանան իրենց հօրը ճամբով: Բնաւորութեամբ համեստ, մարդամօտ ու անկեղծ. այս երիտասարդը ժամանակին առընթեր կը սիրաշահէր շատերուն համակրանքը, սիրտն ու սէրը: Այդ է կեանքին գեղեցկութիւնը նաեւ:
Գույում ֆութպոլ խաղաց սկաուտական խումբէն եւ յետոյ անցաւ ՀՄԸՄի առաջին խումբ, ուր խաղաց բաւական ժամանակ:
Ֆութպոլը սիրուած խաղ մըն էր. լաւ ֆութպոլ խաղցողը կը գնահատուէր: Հալէպի մէջ ֆութպոլը՝ սերունդ կը դաստիարակէր, հայուն մէջ հայը կը պատրաստէր, թէեւ վճարովի խաղալու հարցը դեռ չկար:
Այսօր ո՞ւր են, ո՞ւր ՀՄԸՄի այն տղաքը, որոնք յաղթանակի ծառաւ հայութեան համար եղան երգ, եղան հազար հազար ազգային, եղան կանչ ու ծափ:
Գույո՛ւմ, լաօ՛ ի՞նչ ես պառկեր. ե՛լ ե՛լ երթանք դաշտ ՀՄԸՄական տղաքը քեզ կը սպասեն: Ե՛լ: