
Գերմանիոյ Պատեն-Վիւրթեմպերկ երկրամասի Մանհայմ քաղաքի թուրքերով բնակուած զանգուած մը, պաշտօնապէս «Փոքրիկ Սթամպուլ» կամ «Թրքական հրապարակ» անուանելու թրքական ջանքերը ձախողած են:
Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի եւ գաղթականութեան այլ կազմակերպութիւններու բազմակողմանի քայլերը տուած են իրենց արդիւնքը:
Յիշեցնենք, որ Գերմանահայերու կեդրոնական խորհուրդը նամակ յղած էր Գերմանիոյ Մանհայմ քաղաքի քաղաքապետ Փեթըր Քուրցին՝ անկէ պարզաբանում պահանջելով, թէ որքա՛ն ճիշդ են այն տեղեկութիւնները, որ քաղաքին մէկ հատուածը, ուր թուրք վաճառականներ աշխոյժ առեւտուր կազմակերպած են, պաշտօնապէս պիտի վերանուանուի «Թրքական զանգուած»:
Ըստ Գերմանահայերու կեդրոնական խորհուրդի (ԳԿԽ) նախագահ Ազատ Օրտուխանեանի՝ նամակին մէջ Մանհայմի քաղաքապետին ի գիտութիւն նշուած էր, թէ ոչ միայն Գերմանիոյ հայերը, այլեւ այլ ցեղային-կրօնական խումբեր, ինչպէս՝ քիւրտերը, եզիտիները, յոյները ու ասորիները, լրջօրէն մտահոգուած են հնարաւոր այդ փոփոխութեամբ:
«Եթէ նման ծրագիր պէտք է իրականացուի՝ ապա դուք պէտք է նկատի ունենաք մեր կազմակերպութիւններուն ընդհանուր բողոքը: Աւելի լաւ պիտի ըլլար, եթէ դուք վերջնական որոշում տալէ առաջ՝ դիտարկէիք մեր այլընտրանքային առաջարկները: Մենք պարզապէս չենք կրնար պատկերացնել, որ այնպիսի քաղաք մը, ինչպիսին է Մանհայմը, արտասահմանեան ծագումով իր բնակիչներուն հանդէպ նման չմտածուած ձեռնարկ մը թոյլ կու տայ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: