ԹՐԻՓՈԼԻ.- Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ դիւանագիտական աղբիւրներ իտալական «Քորրիէրէ տելլա Սերա» օրաթերթին յայտնած են, որ Լիպիոյ նախկին ղեկավար Մոամմար Քազաֆի սպաննուած է ֆրանսական գաղտնի սպասարկութեան գործակալի մը ձեռամբ:
Օրաթերթը կը նշէ, որ լիպիացի յայտնի քաղաքագէտ Մաարուֆ Մահմուտ Ճըպրիլ, որ Քազաֆիի սպանութեան օրը Լիպիոյ Ազգային փոխանցման խորհուրդի գործադիր յանձնախումբի նախագահի պաշտօնը կը վարէր, եգիպտական պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն յայտնած էր, որ Քազաֆի «յեղափոխական ջոկատներու շարքերուն մէջ զինուորագրուած» օտար գործակալի մը ձեռամբ սպաննուեցաւ:
Ըստ իտալական թերթին՝ այս վարկածը կու գայ ամրապնդելու այն իրողութիւնը, որ Լիպիոյ մէջ ՆԱԹՕի գործողութեանց ընթացք առնելէն ետք, Քազաֆի սպառնաց բացայայտել Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի 2007ի նախագահական ընտրապայքարի ելեւմուտքի մանրամասնութիւնները:
«Սարքոզի Քազաֆին կարելի եղածին չափ շուտ լռեցնելու բոլոր դրդապատճառները ունէր», կ՛աւելցնէ թերթը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.