
ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր», «Նիուզ».- Հոկտեմբեր 4ին կայացած նիստին ընթացքին, Հայաստանի կառավարութիւնը որոշեց Երեւան քաղաքի կառավարական թիւ 2 մասնաշէնք հասցէին վրայ գտնուող 14,241.9 քառ. մեթր տարածքով շէնք-շինութիւնները եւ անոնց սպասարկման ու օգտագործման համար յատկացուած հողամասի պետական բաժնեմասը վաճառել «Տանգօ» ընկերութեան, որուն տէրն է արժանթինահայ գործարար Էդուարդօ Էրնեկեանը։
Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Արման Սահակեան յայտնեց, որ վաճառքի գինը 51 միլիոն 271 հազար տոլար է: Վերանորոգուելէ ետք, շէնքը պիտի վերածուի հինգաստղանի հիւրանոցի։
Նշենք, որ մինչ այդ «Տանգօ» ընկերութիւնը ձեռք բերած է նախկին արդարադատութեան այրուած շէնքին տարածքը՝ հոն հասարակական շէնք կառուցելու պայմանով (պետութեան կը պատկանի այդ շէնքը գնելու իրաւունքը): Ամենայն հաւանականութեամբ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը պիտի տեղափոխուի այդ շէնքը, ուր պիտի վերադառնայ նաեւ արդարադատութեան նախարարութիւնը. հաւանական է նաեւ, որ հոն տեղ տրուի ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, որ ներկայիս կը գտնուի «Էրեբունի» պանդոկին մէջ։