
ՍԱՆ ՏԻԷԿՕ.- Սեպտեմբեր 16ին Սան Տիէկոյի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ Հայց. եկեղեցին հիւրասիրութիւն մը կազմակերպած էր Տեպի եւ Ռապըրթ Տէրտէրեանի կողմէ՝ ի յիշատակ Տեպիի հանգուցեալ քրոջ՝ Պարպարա ՄըքԼաֆլինի: Շուրջ 130 հաւատացեալներ Ս. պատարագի աւարտին ներկայ գնտուեցան եւ վայելեցին պատրաստուած համեղ հիւրասիրութիւնը: Մասնակցողներուն մէջ էին «Դստերք Վարդանայ» վարիչներու կազմի դիւանի անդմաներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպութեան Հարաւային Քալիֆորնիոյ քանի մը մասնաճիւղերու անդամներ: «Մեր Յոյս»ի յանձնախումբի նախագահ՝ դատաւոր Էտրիըն Գրիգորեան ցուցադրեց տեսաերիզ մը, որ վերջերս պատրաստուած իրենց բաժնեկից Հայ կանանց միջազգային ընկերակցութեան եւ Հայ երիտասարդ կանանց ընկերակցութեան կողմէ եւ հակիրճ կերպով խօսեցաւ՝ գործածելով «PowePoint»ը: Սոյն ձեռնակի շնորհիւ հանգանակուեցաւ շուրջ 2400 տոլարի գումար մը:
«Մեր Յոյս»ի վարչութիւնը պիտի շարունակէ հանգանակութիւններ կատարել, որպէսզի կարենայ գոյացնել իր նիւթական պարտաւորութիւնները՝ Ս. Էջմիածինի այս ծրագրի յաջողութեան համար: