
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Օգոստոս 29ին, Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Անեթ Քարկոտորեան ու Սիլվա Քէշիշեան հանդիպում մը ունեցած են Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Կերի Պրիքի հետ, անոր «Ռեմփ» ճաշարանին մէջ:
Հանդիպումը մաս կը կազմէր Հայ Դատի յանձնախումբին եւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն միջեւ եռամսեայ դրութեամբ տեղի ունեցող խորհրդակցութեանց:
Այս վերջին հանդիպման ընթացքին քննուած գլխաւոր հարցերն էին՝ քաղաքապետական կառոյցին մէջ աւելի մեծ թիւով հայեր ներառելու կարեւորութիւնը եւ մշակութային յարաբերութեանց միջհամայնքային յանձնախումբի մը կազմութիւնը:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Սիլվա Քէշիշեան կը յայտնէ, թէ քննուած է նաեւ քաղաքի ոստիկանապետին դէմ բացուած դատը. Պրիք վստահեցուցած է, թէ քաղաքապետութիւնը հարկաւոր բարեփոխումներու դիմած է, որպէսզի ոստիկանութեան դէմ ապագային նման դատեր չբացուին: Ան նաեւ շեշտած է, թէ ոստիկանութեան դէմ բացուած նոր դատերը խտրականութեան հետ կապ չունին:
Քէշիշեան կ՛աւելցնէ, թէ ժամանակը յարմար չէ ներկայ ոստիկնապետ Սքաթ ԼաՇեսը փոխելու համար, որովհետեւ ան պատրաստակամութիւն յայտնած է հարկաւոր քայլերու դիմելու՝ ոստիկանութիւնը աւելի զգայուն դարձնելու համար այլ մշակոյթներու նկատմամբ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննած են նաեւ Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ առաջադրուած մշակութային յարաբերութեանց միջհամայնքային յանձնախումբի մը կազմութեան կարելիութիւնը եւ Պրիք խոստացած է հետապնդել հարցը:
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենադպրուհի Անեթ Քարկոտորեան կ՛աւելցնէ, թէ Պրիք նաեւ ողջունած է հայութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ աւելի աշխոյժ եւ գործօն դարձնելու Հայ Դատի առաջարկները: Հայ Դատի ներկայացուցիչները առաջարկած են, որ քաղաքի հայութեան համար հայերէնի թարգմանուած դիմումնագիրներ ու բացատրական թղթիկներ պատրաստել այս նպատակով: